Թուրք մը դատ կը բանայ Հայաստանի դէմ եւ կը պահանջէ հայկական գիւղ մը
851
0
Թուրք քաղաքացի, Էրզրումի բնակիչ Չոշքուն Ըշըքը կը պատրաստուի դատի տալ Հայաստանին: Այս մասին տեղեկացնող թրքական «Էնսոն հապեր» լրատուական կայքէջը կը գրէ, որ Ըշըքը, երբ տեղեկացած է, որ հայկական Սփիւռքը Թուրքիոյ նախագահական նախկին նստավայրի և Աթաթուրքի անուան Տիարպեքիրի օդակայանի վերադարձման համար դատական հարց
ներկայացուցած է Թուրքիոյ դէմ, որոշած է որպէս պատասխան քայլ Հայաստանի դէմ դատական պահանջ ներկայացնել:
Ըստ նոյն աղբիւրին՝ Էրզրումի բնակիչը Հայաստանէն պիտի պահանջէ Ալմավիր գիւղը (բնակութեան վայրի անուանումը ըստ թրքական աղբիւրի է – խմբ.), ուր ժամանակին իսլամներ բնակած են:
Ըշըքը նշած է. «Ես որպէս Թուրք քաղաքացի, որպէս Էրզրումցի դատ պիտի բանամ հայերուն դէմ՝ ձեռքի տակ եղած փաստաթուղթերուս վրայ հիմնուելով»:
Ըշըքը նշած է. «Ես որպէս Թուրք քաղաքացի, որպէս Էրզրումցի դատ պիտի բանամ հայերուն դէմ՝ ձեռքի տակ եղած փաստաթուղթերուս վրայ հիմնուելով»: