Էրտողան. «Եթէ մենք յանցանք ունինք՝ մենք պատրաստ ենք գինը վճարելու»


Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողան դարձեալ մեղադրած է հայկական սփիւռքը “սադրանքներու դիմելու”, Թուրքիոյ հետ “առճակատում հրահրելու” եւ “բանակցութիւններէն փախուստ տալու” համար:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ թրքական Star-ը, Էրտողան յայտարարած է, թէ միակ բանը, որ կ՛ընէ սփիւռքը, իրենց հետ “որեւէ կապ չունեցող երկիրներու մէջ որոշումներ կայացնել տալն է”: “Եթէ հարցնէք` քարտէզի վրայ Հայաստանը ցոյց տալ չեն կրնար, սակայն այդ երկիրներու խորհրդարանները Հայաստանի վերաբերեալ որոշումներ կը կայացնեն”,- յայտարարած է Էրտողան:

Ան դարձեալ կրկնած է պատմաբաններու յանձնաժողով ստեղծելու Թուրքիոյ յայտնի առաջարկը:

“Մենք ինչ-որ մէկու պատուերով պարտաւոր չենք Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու: Կ՛ըսեմ` եթէ անկեղծ էք, եկէք ձգենք պատմաբաններուն փաստաթուղթերով թող աշխատին, զեկոյցներ ներկայացնեն մեզի, յետոյ մենք, որպէս քաղաքական գործիչներ, նստինք սեղանի շուրջ:

“ Եթէ մենք յանցանք ունինք, եթէ վճարելիք գին ունինք, մենք՚ պատրաստ ենք: Սակայն միակ բանը, որ կ՛ընեն հայերը` “Թուրքիան մեղաւոր է” ըսելն է”,- ըսած է ան:

Թուրքիոյ նախագահը դարձեալ պնդած է, թէ Թուրքիոյ արխիւները բաց են, իսկ հայկականները` փակ:

Այս լուրը հրապարակուեցաւ նաեւ AFP ֆրանսական լրատուական գործակալութեան կողմէ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.