Սարինայի Լռութիւնը… Թրքական ուրացման խօսուն օրինակ մը
Կոմիտաս հիմնարկի կայքին վրայ տեղադրուած յօդուածի մը մէջ պատմաբան Արա Սարաֆեան կը գրէ. «Հետաքրքրական երկսայրի ընտրանքի մը առջեւ կանգնած եմ։ Անգարայի մէջ թրքական պատկերասփիւռի կայան մը ինծի հետ կապ հաստատած է «1915-ի դէպքերուն» մասին հարցազրոյց մը կատարելու համար։ Յայտագիրին խմբագիրը զիս տեղեակ պահեց, որ Թուրքիոյ վարչապետարանի Օսմանեան պետական արխիւներու բաժանմունքի նախկին ղեկավար Եուսուֆ Սարինայը իր խորհրդատուն է։ Ի՞նչ պատասխան պէտք է տամ։
«Կը կարծեմ, որ Եուսուֆ Սարինայ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտող մըն է։«Քանի մը տարի առաջ աչքէ անցուցի իր գրած «Ապրիլ 24, 1915-ին ի՞նչ պատահեցաւ» յօդուածը, որուն մէջ կը պնդէր, որ հայ մտաւորականները, որոնք 24 Ապրիլ 1915-ին Պոլսոյ մէջ ձերբակալուեցան Օսմանեան կայսրութեան ապահովութեան սպառնալիք մըն էին եւ այդ պատճառով բանտարկուեցան։ Այդ բանտարկեալները ուղարկուեցան Չանքիրի եւ Այաշ, որ կը գտնուի մերօրեայ Անգարայի մօտ։«Սարինայ Այաշի բանտարկեալներուն վրայ կեդրոնացաւ եւ պնդեց, որ այլուր փոխադրուած քանի մը բանտարկեալներէն բացի, մնացեալները ամբողջ պատերազմի տեւողութեան Այաշի մէջ մնացին եւ 1918-ին ազատ արձակուեցան։ Սարինայի թեզը ամբողջութեամբ հիմնուած էր Թուրքիոյ մէջ օսմանեան արձանագրութիւններուն վրայ։
«Սարինայի աշխատանքը քննեցի, ներառեալ այն արխիւային նիւթերը, որ կը պնդէր, թէ տեսած է, եւ նկատեցի, որ իր ներկայացուցած թեզը խոցելի է։ Իր աշխատանքին մէջ նկատառելի հակասութիւններ կային։ Հայ քաղաքական բանտարկեալները, որոնք 1915-ին Այաշ ուղարկուեցան, նոյնիսկ օսմանեան փաստաթուղթերը կը նշեն, որ պետութեան վերահսկողութեան տակ գտնուած ժամանակաշրջանին անհետացան։ 1915-ի ամառէն ետք՝ անոնց Այաշի մէջ ներկայութեան մասին վկայող իշխանութեանց ուղարկուած նամակներ, դիմումներ կամ այլ ակնարկներ չկան։ Սակայն, Սարինայ կը պնդէ, որ այդ մարդիկը Այաշի բանտը մնացին մինչեւ Համաշխարհային Ա. պատերազմի աւարտը։
«Թրքահայ «Ակօս» թերթին մէջ Սարինայի աշխատանքին քննադատութիւն մը հրապարակեցի։ Յօդուածը հրատարակուած էր թրքերէնով, որպէսզի ան դիւրութեամբ կարենայ պատասխանել։ Սարինայ բնաւ չպատասխանեց եւ իր յօդուածը վերահրատարակեց գիրքի մը մէջ։«Կը կարծեմ, որ Սարինայ նախընտրեց չպատասխանել, որովհետեւ իր թերութիւնները բացայայտուած էին եւ թէ՛ անձնական, թէ՛ հաստատութենական մակարդակի վրայ շատ բան ունէր կորսնցնելիք։ Ի վերջոյ, ան Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումին մէջ թրքական հաստատութիւնները կը ներկայացնէր, եւ արծարծուած հարցերը անկարեւոր չէին։ Բոլոր տուեալներու համաձայն, 1915-ին Այաշ ուղարկուած հայ բանտարկեալները պետութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող հայ բանտարկեալները անհետացան, եւ Եուսուֆ Սարինայ սխալ պատկեր մը կը ներկայացնէ, երբ հակառակը կը պնդէ։
«Սարինայ քննադատութեան ենթարկուելէ ետք լուռ մնաց, մինչ ուրիշներ՝ ինչպէս Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումի ծիրին մէջ շարունակեցին անոր աշխատանքը շրջանառութեան մէջ դնել։«Չեմ գիտեր, թէ Սարինայ ինչ հանգամանքով թրքական պատկերասփիւռի կայանին կը ծառայէ «1915-ի դէպքերուն վերաբերեալ» վաւերագրական ժապաւէնի մը պատրաստութեան»։