Բռնի իսլամացումը Եղեռնի օրերուն
Վերջին շրջանին շատ կը խօսուի իսլամացած եւ թրքացած հայերու մասին: Քաղաքական քննարկումներէ առաջ, սակայն, կ՚արժէ գիտնալ թէ որո՞նք են իսլամացած հայերը: Որքա՞ն կը հաշուեն անոնք: Ե՞րբ եւ ի՞նչ պայմաններու մէջ իսլամացած են անոնք եւ, այսօր, ի՞նչ է անոնց կապը հայկական ինքնութեան եւ արմատներուն հետ:
Վերոյիշեալ հարցումներէն մէկ մասին կը պատասխանէ գերման հայասէր Եոհաննէս Լեփսիուսի (1858-1923) վկայութիւնը՝ իսլամացած հայերու մասին: Վկայութիւնը առանձին բաժինով մը տեղ գտած է «Հայկական ջարդերը» անունով անոր գիրքին մէջ:
Յատկանշական երեւոյթ մը, որ նոյնպէս Ապտիւլ Համիտի ջարդերուն ատեն ի յայտ եկած է, 1893-1896 եւ Կիլիկիոյ ջարդերուն ատեն, 1909-ին, զանգուածով իսլամացումի պարագաներն են, կրօնափոխութիւններ, որոնք տեղի չեն ունեցած կատարեալ յօժարութեամբ, նոյնիսկ այն տեղերը, ուր զանոնք այդ գոյնին տակ կը ներկայացնեն: Շատ անգամ կը հանդիպինք այն կարծիքին, թէ բռնի հաւատափոխութիւնները պէտք չէ նկատուին «քրիստոնեաներու դէմ հալածանքներ», որովհետեւ անոնք քաղաքական մէկ նպատակ ունին, որն է՝ թրքացումը Թուրքիոյ ոչ-թուրք հպատակներուն: Բայց եկեղեցիին պատմութեան անգիտակ պիտի ըլլար մէկը եթէ ենթադրէր, թէ երբեւիցէ, քրիստոնեաներու կողմէ հալածանքներ գոյութիւն ունեցած ըլլային քաղաքական նպատակներով: Կրօնքին քաղաքական նպատակներու համար չարը գործածւիլը, արմատն իսկ է եւ էութիւնը կրօնական բոլոր հալածանքներուն: Ուրեմն կարելի չէ վէճի տակ ձգել այս պարագային նաեւ, թէ բռնի իսլամացումի արարքները կը կրեն քրիստոնեաներու դէմ հալածանքներու նկարագիրը:
Ի՞նչ պարագաներու տակ իրականացուած են բռնի հաւատափոխութիւնները:
Շատ մը պարագաներու, տարագրութենէն խուսափելու միակ միջոցն էր իսլամութիւնը ընդունիլը: Բայց որովհետեւ յաճախ տարագրութիւն կը նշանակէր ջարդ, եւ գոնէ այրերը անմիջապէս որ աքսորի ճամբուն վրայ կ՚ըլլային, կը դիմէին դէպի ստոյգ մահ, եւ երիտասարդ կիներն ու 10 տարեկանէն վեր մանկամարդ աղջիկները պէտք է սպասէին որ թուրք հարէմներու կամ քիւրտ գիւղերու մէջ արգելափակուին, ուրեմն փորձութիւնը շատ մեծ էր, իսլամութեան անցնելով, խուսափելու համար մահէն ու անպատուութենէն: Տեղեկութիւններ կան բոլոր վիլայէթներէն, թէ նոյնինքն թուրք իշխանութիւնները ցոյց կու տային ելքի այս ճամբան, եւ թէ իբրեւ ընդհանուր օրէնք, այն բոլոր քրիստոնեաները, որոնք պատրաստակամութիւն կը յայտնէին իսլամութիւնը ընդունելու, ազատ կը կացուցուէին տարագրութենէ եւ ջարդերէ: Բայց ճնշում ալ կատարուեցաւ, կարելի դարձնելու համար իսլամացումները, ըլլայ անօթութեամբ, ըլլայ մահւան սպառնալիքներով: Քօղարկելու համար հաւատափոխութեանց բռնի կերպով եղած ըլլալը, յաճախ հաւատափոխներուն ներկայացուցին պաշտօնագիրներ, ուր անոնք պարտէին հաստատել իրենց ստորագրութեամբ, թէ իրենք ամբողջական յօժարութեամբ ընդունած էին իսլամութիւնը: Ատանայի ջարդերէն ետք, 1909-ին, կառավարութիւնը ստիպուած եղաւ եւրոպական պետութեանց ճնշումին տակ արտօնել, որ իսլամացողները վերադառնան, նոյնիսկ սպառնալով պատուհասել անոնք, որոնք քրիստոնեայ տղաք պիտի պահէին իսլամներու տուներուն մէջ:
Հետեւաբար փորձ եղաւ կարելի եղածին չափ քօղարկել հաւատափոխութեանց բռնութեամբ ըլլալու նկարագիրը, եւ կանխարգել միջոց մը հայթայթել քրիստոնէական եկեղեցիին վերադառնալու, կանոնաւոր կերպով քրիստոնեայ երիտասարդ աղջիկներն ու կիները իսլամներու հետ ամուսնացնելով եւ նոյնիսկ, քրիստոնեաներու եւ իսլամներու միջեւ, բռնի կերպով կիները փոխանակել տալով: Շատ մը հայ քրիստոնեայ կիներ, որոնց ամուսինները թուրք բանակին կը ծառայէին, բռնադատուեցան իրենց ամուսիններուն բացակայութեան, անարգ ձեւով ամուսնանալու իսլամներու հետ: Իսլամներու բազմակնութիւնը թոյլ կու տայ իրականացնել, մեծ չափով, այսօրինակ կարգադրութիւններ: Իսլամութիւնը ընդունող այրերը կը թլփատուէին եւ իսլամական անուններ կ՚առնէին:
Յատկանշական օրինակներ, որոնցմէ մէկ քանին արդէն իրողութիւններու մեր բաժինին մէջ ներկայացուած են, կրնան ծառայել բացատրելու ինչ որ հիմա ըսինք: Սամսոնի մէջ, Սեւ ծովու ամենէն կարեւոր նաւահանգիստը, նահանգապետը հարուստ հայերը ճաշի հրաւիրեց եւ անոնցմէ պահանջեց որ իսլամութիւնը ընդունին: Այն օրը, երբ տարագրութեան հրամանը Սամսոնի մէջ հրապարակուեցաւ, քաղաքին մէջ թուրք եւ հայ թաղերու միջեւ շղթայ մը ձգուեցաւ եւ մունետիկի մը միջոցով հաղորդուեցաւ, թէ անոնք, որոնք պիտի ընդունէին իսլամութիւնը, կրնային մնալ: Տրամադիր եղողները ուրիշ բան չունէին ընելու, բայց եթէ շղթայէն անցնիլ. մնացողները պիտի տարագրուէին:
Մարզուանի մէջ տարագրութեանց նախապատրաստութեանց միջոցին յայտարարուեցաւ, թէ ով որ իսլամութիւնը ընդունէր, տարագրութենէ պիտի խուսափէր եւ պիտի կրնար խաղաղօրէն իր տունը մնալ: Պաշտօնեաներու այն գրասենեակները, որոնք կը քննէին աղերսագիրները, լեցուած էին մարդոցմով, որոնք իսլամութիւնը կ՚ուզէին ընդունիլ. անոնք այս բանը կ՚ընէին ի սէր իրենց կիներուն, ի սէր իրենց զաւակներուն, այն զգացումով թէ եղածը ժամանակի խնդիր էր միայն, մինչեւ որ կարելի ըլլար դարձեալ իրենց հաւատքին վերադառնալ: Զիլէի մէջ ջանացին, այրերը սպաննելէ ետք, անօթի ձգելով ողոքել կիներն ու մանուկները, բաց դաշտին մէջ թողուցին զանոնք, բազմաթիւ օրեր առանց սնունդի: Երբ իսլամութիւնը ընդունելու առաջարկը կիներու յամառ մերժումին հանդիպեցաւ, սկսան մայրերու մարմինները իրենց զաւակներու աչքերուն տակ, սուինի հար-ւածներով ծակ-ծակ ընել:
Գերման Կարմիր Մահիկի հիւանդապահուհիներ կը պատմեն, թէ Կեմերէկի մէջ, երիտասարդ կիներուն եւ մանկամարդ աղջիկներուն մէջէն զատեցին 30 ամենէն գեղեցիկները եւ զիրենք դրին սա երկընտրանքին առջեւ. «Կամ մահմետական պիտի ըլլաք եւ կամ պիտի մեռնիք», պատասխանը եղաւ. «Ուրեմն կը մեռնինք մենք», այս պատասխանը հեռագրուեցաւ Սեբաստիոյ վալիին, որ խորհուրդ տուաւ աղջիկներն ու կիները բաժնել իսլամներու միջեւ. այս խեղճերէն շատերը իրենց դաստիարակութիւնը ստացած էին ամերիկեան դպրոցներու մէջ:
Նման օրինակներ ունինք բոլոր վիլայէթներու համար։ Յաճախ, առանձին անհատներու կրօնափոխութիւնը մերժուեցաւ եւ պահանջուեցաւ, որ գոնէ 106 հոգի միասին ներկայանան, եթէ կ՚ուզեն խուսափիլ տարագրութենէ։ Կարգ մը տեղերու մէջ իշխանութիւնը ընդունեցին հաւատափոխութիւնները եւ սակայն նորէն տարագրեցին զանոնք։
Մենք որոշ տեղեկութիւններ ունինք Սեւ ծովու եզերքը գտնուող քաղաքներուն մասին։Այս նահանգներէն Կոստանդնուպոլսոյ մէջ գտնուող հայեր տարագրութեան ատեն իրենց ազգականներէն եւ բարեկամներէն ստացան հեռագիրներ, որոնք կու գային Տրապիզոնէն, Սամսոնէն, Իւնիէյէն, Ամասիայէն եւ ուրիշ քաղաքներէ, որոնք կ՚ըսէին «Հաք տինի քապուլ իթտիք» (ճշմարիտ կրօնքը ընդունեցինք)։ Ասոնց կողմէ նամակներ եւ քարտեր ղրկուեցան, թղթատարութեան միջոցով, ծանուցանելով որ իրենց իբրեւ հասցէ դնեն իրենց իսլամական անունները, փոխանակ նախկին քրիստոնէական անուններուն։ Սամսոնէն ստացուեցան հասցէի հետեւեալ մէկ քանի փոփոխութիւնները.-
Միհրան Դաւիթեան կը կոչուի Տաւուտ Զիա։Յակոբ Կիյիճեան կը կոչուի Օսման Սուրէա։Կարապետ Քիլիմճեան կը կոչուի Հատի Էֆէնտի։Յովսէփ Դաւիթեան կը կոչուի Զիա Դիւկի օղլու։Չարեան եւ որդիք կը կոչուին Շաքիրզատէ Ֆէհմի վէ մախթումլարը։Ղազարեան կը կոչուի Ապտիւլ Մեճիտ։
Չաքրեան անունով մէկը իր եղբօր հեռագրեց. «Ես ճշմարիտ հաւատքը ընդունեցի, կը խնդրեմ, որ դուն ալ նոյն բանը ընես.- եղբայրդ՝ Մոհամմէտ»։ Նոյն հեռագիրը իր մանչ զաւկին ալ ղրկեց, Շաքիզատէ ստորագրութեամբ։
Երբ առեւտրական Յարութիւն Տորիկեանէ, աւետարանական, պահանջուեցաւ որ իսլամանայ, ան պատասխանեց. «Ես իմ տղայութենէս այս հաւատքը ունեցած եմ, հիմա՞ է որ պիտի ուրանամ զայն, երբ ալ ծեր եմ. ճիշդ այս ժամուն ես կեանքը կը դրժեմ». տարուեցաւ եւ սպաննուեցաւ։ Իրեն պէս բիւրաւորներ մահը կամ աքսորը նախամեծար նկատեցին իրենց հաւատքը փոխելէն։
Բուռն միջոցներով կամ իշխանութեանց եւ յուսալքութեան ճնշումին ներքեւ հաւատափոխութեանց թիւը, միայն պատերազմէն վերջ է որ կարելի է ճշդօրէն գնահատել, երբ կարելի ըլլայ Թուրքիոյ բոլոր մարզերէն տեղեկութիւն հաւաքել։ Մինչեւ այս վայրկեանը, միայն Տրապիզոնի վիլայէթին ծովեզերեայ քաղաքներուն թուական տուեալները կան։ Այսպէս, Տրապիզոն քաղաքին մէջ 200 ընտանիք իսլամութիւնը ընդունած է, Կիրասոնի մէջ՝ 160 ընտանիք, Օրտուի մէջ՝ 200 ընտանիք, Սամսոնի մէջ՝ 150 ընտանիք։ Կ՚ըսուի, թէ Արաբկիրի մէջ ամբողջ ազգաբնակչութիւնը խուսափած է տարագրութենէ՝ իսլամութիւնը ընդունելով։ Խարբերդի վիլայէթէն ստացուած տեղեկութիւնները կ՚ըսեն, թէ իսլամացածներուն թիւը այնտեղ մասնաւորաբար մեծ է։ Խարբերդի Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսը նոյնպէս կ՚ենթադրէ, թէ մնացող բոլոր կիներն ու մանուկները պէտք է բռնադատուած ըլլան իսլամութիւնը ընդունելու։
Պէտք է բռնի իսլամացած նկատել այն երիտասարդ կիները, մանկամարդ աղջիկները եւ մանուկները, որոնք թուրք տուներ տարուեցան կամ քիւրտ գիւղեր։ Այն բոլոր պատմուածքներէն, որոնք կը նկարագրեն հիւսիսէն հարաւ ժամանող կարաւաններուն վիճակը, կը տեսնուի, թէ 10 տարեկանէն վեր բոլոր աղջիկները ճամբան աներեւոյթ եղած են, եւ թէ՝ մանկամարդ կիներուն մեծ մասը առեւանգուած է։ Բոլոր անցած քաղաքներուն մէջ, իսլամ ազգաբնակչութեան, յաճախ կրկնուածին պէս, իրաւունք կը տրուէր ամենէն գեղեցիկ աղջիկները ընտրելու եւ նոյնիսկ զանոնք նախապէս իրենց բժիշկներուն քննել տալու։ Մանուկները մասամբ ծախուեցան ժանտարմաներու կողմէ, մասամբ մայրերու կողմէ տրուեցան, ազատելու համար զանոնք մահէն։ Տարագիրներու կարաւանները գերիներու շրջուն շուկաներ էին։ Շատ մը կիներ եւ մանկամարդ աղջիկներ անձնասպան եղան, խուսափելու համար անպատուութենէ. կը յիշուին կիներու մէկ քանի հերոսական պարագաներ, ուր այս վերջինները գետը նետուեցան կամ անձնասպան եղան, չբռնապղծուելու համար եւ կամ չբռնադատուելու համար իսլամութիւնը ընդունելու։ Հայ մը իր իսկ ձեռքով կրակի տուաւ իր տունը, եւ անոր մէջ իր ամբողջ ընտանիքով այրեցաւ, որպէսզի չանպատուուի եւ չբռնադատուի իսլամանալու։
Բաբերդցի հայ այրիի մը պատմութիւնը, որ պատ-մուած է նախընթաց էջերուն մէջ, գաղափար մը կու տայ այն կերպին մասի, որ կը կիրարկուէր կիները եւ մանուկները իսլամացնելու համար։ Այս այրին հանդիպեցաւ 50-էն 60 կառքերու, որոնց մէջ կը գտնուէին թուրք սպաներու 30 այրիները. անոնցմէ մէկը հաճոյք զգաց ռէվօլվէրի հարուածով հայուն մէկը սպաննելու. այս թուրք կիներէն իւրաքանչիւրը իր հետ ունէր 5-էն 6 մատաղատի աղջիկներ, ամենէն մեծը տասը տարեկան։ Հայ որբեւայրին չկրցաւ փրկել իր աղջիկը այն բախտէն, բացի եթէ ինքզինքը եւս պատրաստակամ յայտնելով աղջկանը հետ իսլամանար։ Թրքուհիները ընդունեցին զանոնք կառքերէն մէկուն մէջ, փոխեցին անոնց քրիստոնէական անունները եւ դրին իսլամ անուններ, եւ սկսան զանոնք մարզել իսլամական սովորութիւններով։ Այն ճնշումը որ կիրարկուեցաւ քրիստոնեայ ազգաբնակչութեան հանդէպ, զայն մղելու համար որ իսլամութիւնը ընդունի, բնաւ իսլամ ազգաբնակչութենէն չէր գար, ոչ ալ իսլամ հոգեւորականներէն, այլ՝ միմիայն կառավարութենէն։ Նոյնպէս, տեղական իշխանութիւններն են, որոնք փորձեցին այս իսլամացողներուն ազատութեան երեւոյթ տալ։ Օսմանեան կառավարութեան կողմէ ներքին գաւառներու տեղական իշխանութեանց գաղտնի հրամաններ տրուեցան, որպէսզի պարտադրեն հայ ժողովուրդէն մնացածները աղերսագիր մը ստորագրելու, որով պիտի խնդրէին, իբր մասնաւոր շնորհ, ընդունիլ «սուրբ կրօնքը»։ Բոլոր անոնք, որոնք կը մերժէին այս բանը, պարտ էին տարագրուիլ։
Հայ եւ սուրիացի քրիստոնեաներու թիւը, որ իսլամութիւնը ընդունեց տարագրութեանց ընթացքին, կարելի չէ պատերազմէն առաջ նոյնիսկ մօտաւոր հաշիւով մը հաստատել։ Կարելի է շատ մեծ նկատել այդ թիւը, քանի որ մանկամարդ բոլոր աղջիկները, կիները եւ մանուկները, որոնք թուրքերու կողմէ յափշտակուեցան, իրենց կողմէ նկատուեցան իսլամներ։
Գիւղերու եւ քաղաքներու մէջ, եկեղեցիները մզկիթներու վերածուեցան կամ ուրիշ նպատակներու գործածուեցան հայերու տարագրումէն ետք։ Սամսոնի եւ Իւնիէի մէջտեղ Գերմէի մէջ, եկեղեցին մզկիթի վերածելէ ետք, հեգնութեան համար հայ քահանային գլուխը փաթթոց մը փաթթեցին, յետոյ քահանան պարտաւորուեցաւ նամազը կատարել։ Կարինի մէջ հայ կաթողիկէ եկեղեցին ալ մզկիթի վերածեցին։ Երզնկայի մէջ, հայ կաթողիկէ եկեղեցին հասարակաց ճեմիշի վերածեցին։ Հիւսնիմանսուրի մէջ եկեղեցին փլցուեցաւ եւ սկիհը ճեմիշ նետեցին, ժանտարմաները ծիսական հանդերձները հագան եւ հայհոյութիւններով պատարագը ծաղրեցին։ Քահանան բանտ նետուեցաւ եւ չարչարանքներու ենթարկուեցաւ։ Էնկիւրիի մէջ Սուլթանին տարեդարձը տօնուեցաւ 136 քրիստոնեայ մանուկներու թլփատումով։ Այս մանուկներուն մեծ մասը կաթողիկէ էին եւ բռնի իսլամացած։
Նախընթաց իրողութիւնները դառն յուսախաբութիւն մը պիտի ըլլան անոնց համար, որոնք այս վերջին տարիներուն իսլամութեան հանդէպ ցոյց տրուած թոյլատու ոգին չեն կրնար բաւարար համարել։