Շարք Մը Պոսլահայերու Պաշտպան Փաստաբանը 10 Ամիսով Բանտարկութեան Կը Դատապարտուի


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Թուրքիոյ մարդու իրաւունքներու ամենաաշխոյժ պաշտպաններէն՝ փաստաբան Էրէն Քեսքին, թրքական դատարանի մը կողմէ դատապարտուած է 10 ամսուան բանտարկութեան՝ տխրահռչակ 301րդ յօդուածով:
Թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքին համաձայն՝ Քեսքին 2005ին տեղի ունեցած 12ամեայ երեխայի մը եւ անոր հօր սպանութենէն ետք յայտարարած էր, որ Թուրքիոյ պետութիւնը «12ամեայ երեխային սպաննելու գաղափարախօսութեան հեղինակն է» եւ պէտք է պատասխան տայ: Այս խօսքերէն ետք, անոր դէմ դատ բացուած էր Թուրքիոյ հանրապետութիւնը «բացայայտօրէն վիրաւորել»ու յանցանքով:
Դատարանը մեղաւոր գտած է Քեսքինը, զայն դատապարտելով 10 ամիս բանտարկութեան՝ բացառելով պատիժը յետաձգելու կամ զայն դրամական տուգանքով փոխարինելու ընտրանքը: Եթէ վճռաբեկ դատարանը հաւանութիւն տայ դատարանի այս որոշումին, Քեսքին ստիպուած բանտ պիտի նստի:
Նշենք, որ Քեսքին հանդիսացած է Մարդկային իրաւունքներու միութեան Պոլսոյ մասնաճիւղի նախկին նախագահը եւ շարք մը պոլսահայերու փաստաբանը: Անոր գլխաւորած միութիւնը կը ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ Ապրիլ 24ին ոգեկոչման միջոցառումներ կը կազմակերպէ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.