Յայտարարութիւն՝ ԱՄՆ Գաղթելով Հետաքրքրուած Սուրիահայերուն
Սուրիահայութեան օժանդակութեան միացեալ մարմինը (ՍԱՐՖ), գաղութիս ղեկավարութիւնը ստանձնած կազմակերպութիւններու հաւաքական այս մարմինը, կը շարունակէ յանձնառու ըլլալ օգնութեան ձեռք երկարելու Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին պատճառով անկայուն վիճակի մատնուած այդ երկրի հայկական գաղութին, որ դարեր շարունակ հայերու երկրորդ հայրենիքը եղած էր, եւ ապահով կայան մը՝ Ցեղասպանութենէն վերապրած հարիւր հազարաւոր մեր հայրենակիցներուն համար:
Վերջին շաբաթներուն ընթացքին, կարգ մը յայտարարութիւններ եղած են հանրութեան, թէ Միացեալ Ազգերու Գաղթականներու գերագոյն խորհուրդը եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը նախաձեռնած են սուրիացիներու վերաբնակեցման ծրագիրի մը, օգնելու համար անհատներու եւ ընտանիքներու, որոնք տեղահանուած են երկրին անապահով վիճակի շարունակման հետեւանքով:
Վերոյիշեալ յայտարարութիւնները առ այժմ չեն հիմնաւորուած եւ հետեւաբար անճիշդ ձեւով (խեղաթիւրուած) կը ներկայացնեն ԱՄՆի կառավարութեան կողմէ Սուրիացի գաղթականները երկրէն ներս ընդունելու համար փաստաթուղթերու գործընթացը. որոշ անհատներ սկսած են առաջարկելու իրենց «ծառայութիւնները» ի դիմաց մեծ գումարներու, սկսելու համար ներգաղթի գործողութիւններուն, որոնք չեն որոշուած իսկ նոյն ինքն ԱՄՆի կառավարութեան կողմէ:
Հետեւաբար, մենք կը զգուշացնենք հանրութիւնը, որ զգուշաւորութեամբ մօտենայ նմանօրինակ ծառայութիւններու դիմելէ առաջ:
Սուրիոյ հայ գաղութին ամէնօրեայ պէտքերուն հասնելու համար հանգանակային արշաւներ կատարելէ բացի, ՍԱՐՖը շարունակաբար կը հետեւի նոր զարգացումներուն եւ կը հանդիպի պատկան մարմիններու հետ, ձեռք բերելու համար համապատասխան տեղեկութիւններ՝ Սուրիոյ տեղահանուած ժողովուրդի ներգաղթին ու գաղթականներու իրավիճակին առնչութեամբ:
Գիտակցելով, որ սուրիահայութիւնը ինչպիսի՛ ծանր պայմաններու մէջ կը գտնուի՝ մենք հաստատակամ յանձնառութիւնը ստանձնած ենք հասնելու անոր կարիքներուն:
Վստահ ենք, որ այս հարցերուն նկատմամբ երբ նորութիւններ ստանանք, լրատուական միջոցներով զանոնք պիտի փոխանցենք գաղութի մեր հայրենակիցներուն:
Գործադիր Մարմին՝
Սուրիահայութեան
Օժանդակութեան Միացեալ Մարմինի