Իզմիրի Հայկական Եկեղեցին Թմրամոլներու Հաւաքավայր Դարձած Է


ՊՈԼԻՍ.- «Սի.Էն.Էն. Թուրք» կայանին պատրաստած վաւերագրական ժապաւէնին մէջ կ՛ըսուի, թէ Իզմիրի Մենեմեն շրջանը գտնուող հայկական եկեղեցին ախոռի վերածուած է։ Մինչեւ 1922 գործած եկեղեցին, անկէ ետք բախտի քմահաճոյքին յանձնուած է։ Այժմ հարակից տարածքներու բնակիչները կը պահանջեն կարգի բերել եկեղեցին, որովհետեւ անիկա վայր դարձած է թմրամոլներու եւ գինովներու։
Եկեղեցին որոշ ժամանակ զինապահեստանոց եղած է, սակայն աւելի ուշ, իշխանութիւնները այդ տարածքը անուշադրութեան մատնած են։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.