Արամ Ա. Կը Վերահաստատէ Իր Ամբողջական Զօրակցութիւնը Սուրիահայութեան


ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հինգշաբթի, Յունուար 22ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի եւ Հալէպի Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեանի հետ:
Հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մտահոգութիւնները: Հոգեւոր հայրերը վեհափառ հայրապետին զեկուցեցին վերջին ամիսներուն ընթացքին Շտապ օգնութեան մարմինին կատարած աշխատանքներուն մասին: Անոնք նաեւ պարզեցին մեր ժողովուրդի դժուարութիւններն ու կարիքները, յատկապէս տնտեսական եւ ապահովական մարզերէն ներս:
Վեհափառ հայրապետը բարձր գնահատեց հոգեւոր առաջնորդներուն եւ համայնքային պատասխանատուներուն կողմէ կատարուող միասնական աշխատանքը եւ անոնց յարատեւ ու նուիրեալ ճիգը՝ օգտակար հանդիսանալու մեր ժողովուրդի կարիքաւոր զաւակներուն: Ան նաեւ թելադրեց, որ իրենց յարմար նկատած եղանակով եւ նկատի ունենալով իրենց շրջապատի զգայնութիւնները՝ հերթական կերպով հրապարակային զեկոյց մը տան Շտապ օգնութեան մարմինին կատարած աշխատանքներուն մասին:
Արամ Ա. կաթողիկոս իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ հակառակ շարունակուող ոչ ապահով պայմաններուն, ազգային եկեղեցական կեանքը աշխոյժ ու կազմակերպ վիճակ մը կը պարզէ հոն: Վեհափառը յիշեցուց հոգեւոր հայրերուն, թէ Սուրիոյ մեր պատմական գաղութի վերակազմակերպումը համահայկական ու հրամայական անհրաժեշտութիւն է: Ան ըսաւ, որ պէտք է կառչած մնանք մեր գաղութին, եւ վերահաստատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ամբողջական զօրակցութիւնը սուրիահայութեան նկատմամբ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.