Ուրուկուէյի նախագահ Խոսէ Մուխիկա. «Ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է»


Ուրուկուէյի նախագահ Խոսէ Մուխիկան մինչ պաշտօնավարման աւարտը հանդիպած է Ուրուկուէյի հայ համայնքի անդամներուն:

Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»ը` վկայակոչելով CausaArmenia.org­ը, հանդիպման Մուխիկան ընդգծած է հայ համայնքի ներդրումը Ուրուկուէյի մէջ եւ կարեւոր նկատած  այն հանգամանքը, որ Ուրուկուէյը առաջինը  ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Մուխիկան, ընդառաջելով հայ համայնքի խնդրանքին, համաձայնած է իր բարձր հովանաւորութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան 100­րդ տարելիցի առթիւ Ուրուկուէյի մէջ տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն:

«Գիտեմ, որ թուրքերը պիտի նեղանան, սակայն համոզուած եմ, որ Ցեղասպանութիւն  տեղի ունեցած է, եւ եթէ կրնամ օգտակար ըլլալ` սիրով համաձայն եմ ընդունելու այդ առաջարկը: Թուրքերը պէտք է սորվին համբերութիւն ունենալ, աշխարհի մէջ, պէտք է ըլլայ բազմակարծութիւն, եւ մենք պէտք է յարգենք այն, այլապէս հնարաւոր չըլլար ապրիլ»,­ ըսած է ան` աւելցնելով, որ նուազագոյնը, որ պէտք է ընէ թրքական պետութիւնը, ինքնաքննադատութեան քաջութիւն ունենալն է` ընդունելու կատարուած բարբարոսութիւնները:

Խոսէ Մուխիկայի պաշտօնավարման օրօք Հայաստանի եւ Ուրուկուէյի յարաբերութիւնները ալ աւելի ամրապնդուեցան,  շարք մը ոլորտներու  մէջ երկկողմ համագործակցութիւնը աւելի խորացաւ:

Նախագահ Մուխիկայի օրօք Ուրուկուէյի մէջ օրէնք ընդունուեցաւ Մոնթեւիտէոյի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան կառուցելու վերաբերեալ: Կը գործէ Ուրուկուէյ-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբ: Այս տարուան սկիզբն ալ Ուրուգուէյի ԱԳ նախարար Լուիս Ալմակրոն յայտարարած էր Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային մակարդակով ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին` կարեւոր համարելով ազգերու ինքնորոշման փաստը: Երկկողմ յարաբերութիւններուն նպաստեց նաեւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի 2014թ. Յուլիսին կատարած այցը Ուրուկուէյ:

2014­ի Դեկտեմբերին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն Ուրուգուէյի նախագահ  ընտրուած է Տապարէ Վասկեսը, որ պետութեան ղեկավարի պաշտօնին Խոսէ Մուխիկային պիտի փոխարինէ այս տարուան Մարտ 1­ին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.