Je Suis Arménien


ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Անցեալ շաբաթ Փարիզի մէջ տեղի ունեցած արիւնալի եւ խստօրէն դատապարտելի դէպքէն ետք («Շարլի Էպտօ» շաբաթաթերթին դէմ), չմնաց մարդ, որ չփորձեց ստեղծուած պղտոր ջուրին մէջ ձուկ որսալ:

Դէպքին յաջորդած կիրակի օր Փարիզ փութացած էին տասնեակներով պետական ղեկավար դէմքեր` Անկելա Մերքել, Մահմուտ Ապպաս, Տէյվիտ Քամերուն, ինչպէս նաեւ` Պենիամին Նեթանիահու եւ Ահմեթ Տաւութօղլու (երկուքն ալ վարպետ… «ձկնորսներ»), եւ բազում ուրիշներ` մասնակցելու համար Ֆրանսայի ի նպաստ զօրակցական ցոյցի մը:

Ֆրանսայի թէ բազմաթիւ այլ երկիրներու մէջ զօրակցական «Je Suis Charlie» արտայայտութիւնը կարծէք ընդհանուր կարգախօսի վերածուած էր: Մթնոլորտը ճիշդ պատկերացնելու համար անհրաժեշտ է քանի մը կէտեր կամ հարցադրումներ կատարել հոս, որպէսզի մեր ըսելիքը ճիշդ հասկցուի:

1.- Արեւմտեան լրատու միջոցները անդադար կրկնեցին, թէ «Շարլի Էպտօ»-ի դէմ այդ ոճրային արարքը կատարող երկու եղբայրները «լաւ մարզուած» էին: Սակայն չըսին, թէ որո՞ւ կողմէ մարզուած էին:

2.- Նոյն աղբիւրները ըսին, թէ նշեալ երկուքը վերջերս վերադարձած էին Սուրիայէն: Սակայն չըսին, թէ ո՞վ կամ որո՞նք զիրենք հոն ուղարկած էր (էին): Սուրիոյ դէմ չյայտարարուած պատերազմին մասնակից երկիրներու (ՆԱԹՕ-ի երկիրներ, ներառեալ` անշուշտ Թուրքիա, Քաթար եւ Սէուտական Արաբիա) ապահովական սպասարկութիւնները շատ լաւ պէտք է գիտցած ըլլային, թէ որո՞նք են իրենց կողմէ հաւաքագրուած, մարզուած ու Սուրիա կամ Իրաք ուղարկուած «կամաւորները»` անունով-մականունով, եօթը պորտով:

3.- Նոյն երկու եղբայրներուն անունները կը գտնուէին ցանկին վրայ այն անձերուն, որոնց արգիլուած էր օդանաւով ճամբորդել: Անոնցմէ մէկը նոյնիսկ բանտարկուած էր ահաբեկչութեան օժանդակելու յանցանքով: Հետեւաբար եւ ենթադրաբար, կը գտնուէին ապահովական մարմիններու հսկողութեան տակ: Բայց ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ անոնք, մինչեւ ակռաները զինուած` մտան «Շարլի Էպտօ»-ի խմբագրատունը եւ ոճիրը գործելէ ետք ապահով հեռացան այնքա՜ն արհեստավարժ ձեւով:

4.- Հրէական հանրախանութի ոճրային արարքին հեղինակը եւս նոյն կացութեան մէջ էր: Նաեւ անոր կինը` Հայաթ Պումետիէն` նոյն ցանկէն, որ դէպքէն քանի մը օր առաջ օդանաւով հասած էր Թուրքիա եւ այնտեղէն` Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքը: Ռաքքան կը գտնուի իսլամ ծայրայեղականներու իշխանութեան տակ: Ֆրանսական, սպանական եւ թրքական իշխանութիւնները լուր չունեցա՞ն, թէ ո՛վ կը մտնէ-կ՛ելլէ իրենց սահմաններէն…

Շարքը երկար է հարցադրումներուն, սակայն չխորանանք:

Ֆրանսայի «զօրակցող»-ներու շարքին էր Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու, որ Փարիզի ցոյցի առաջին շարքին վրայ էր, ձեռքով կ՛ողջունէր բազմութիւնը, կարծէք` ֆութպոլի փառատօնի կը մասնակցէր: Նոյն Նեթանիահուն է, որուն հրահանգով Կազայի մէջ քանի մը հարիւր երեխաներ բզիկ-բզիկ եղան քանի մը ամիս առաջ, եւ նոյնքան` կիներ ու այլ անմեղներ:

Բայց մեզի համար ամէնէն «ցայտունը» Թուրքիոյ վարչապետ Տաւութօղլուի ներկայութիւնն էր: Ա՛յն Թուրքիոյ, որ հայ ժողովուրդին դէմ ոչ միայն Ցեղասպանութիւն գործած է, այլեւ կ՛ուրանայ իր ոճիրը: Ա՛յն Թուրքիոյ, որ Ցեղասպանութեան «շնորհիւ» բռնագրաւման տակ կը պահէ հայութեան հայրենիքին մեծ մասը: Ա՛յն Թուրքիոյ, որ 1974-էն ի վեր բռնագրաւման տակ կը պահէ Կիպրոսի մօտաւորապէս կէսը, որ` կ՛ոտնակոխէ իր քիւրտ քաղաքացիներուն ամէնէն տարրական իրաւունքները: Ա՛յն Թուրքիոյ, որ ամէն ձեւի օժանդակութիւն կը մատակարարէ այն ահաբեկչական խմբաւորումներուն, որոնք պայթեցուցին Տէր Զօրի մէջ Նահատակաց մատուռը, որոնք` 1915-ի տեղահանութենէն ետք, երկրորդ տեղահանութեան ենթարկեցին Քեսապի հայութիւնը` տակաւին քանի մը ամիս առաջ: Թուրքիա ուղղակի մեղսակից եղաւ այս տեղահանութեան:

Թուրքիան, որ ամէն ձեւով կ՛օժանդակէ ահաբեկչական խմբաւորումներուն ու հիմա… Փարիզ կ՛ուղարկէ իր վարչապետը` «զօրակցելու համար» Ֆրանսայի հակաահաբեկչական կեցուածքին:

Այս զօրակցական ցոյցին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը` իր բազմաթիւ այլ պաշտօնակիցներուն հետ: Ուրիշ բան կրնա՞ր ընել մեր արտաքին գործոց նախարարը, բացի այդ քայլարշաւին մասնակցելէ:

Անշո՛ւշտ: Ան կրնար քալել Տաւութօղլուի ճիշդ ետեւէն` անոր գլխուն վրայ բարձր բռնելով բոլորովին ուրի՛շ ցուցանակ մը` «Je Suis Armenien»: Որպէսզի… Բայց յստակ չէ՞:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.