1915-ին Գրուած Հռոմի Պենետիկտոս Պապի Նամակը Սուլթան Մեհմետ Ե.-ին


Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ղեկավար, Տանն Կիլիկիոյ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան կաթողիկոս-պատրիարք Պօղոս Պետրոս ԺԳ. Թերզեանը (1910-1931) Մեծ եղեռնի օրերուն կը մեկնի Հռոմ եւ Պենետիկտոս ԺԵ. (1914-1922) պապէն կը խնդրէ, որ ան դիմէ քրիստոնեայ մեծ պետութիւններուն՝ Գերմանիոյ, Ռուսիոյ, Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսային, որ ջարդարար թուրքին զսպեն։ Պապը կ՚ըսէ.«Այդ քրիստոնեայ մեծ երկիրներն են ձեզ կոտորողները, որո՞ւն դիմեմ»։

Պենետիկտոս ԺԵ-ը 10 Սեպտեմբեր 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան սուլթան Մեհմետ Ե-ին (1909-1918) կը գրէ նամակ մը, որուն մէջ կոչ կ՚ուղղէ մեծահոգութիւն ու խղճմտանք ցուցաբերել հայութեան նկատմամբ եւ վերջ տալ անոնց տառապանքներուն։

ՊԱՊԻՆ ՆԱՄԱԿԸ

«Այն ժամանակ, երբ ահաւոր պայքարի մէջ ներգրաւուած է Ձերդ գերազանցութեան հզօր կայսրութիւնը Եւրոպայի հզօր ազգերու հետ, սարսափներով պատճառուած ցաւը կը կեղեքէ մեր սիրտը, մեզ կը հասնի նաեւ ամբողջ ժողովուրդի հառաչանքի արձագանքը։ Այդ ժողովուրդը օսմանեան հսկայական տարածքին մէջ անպատմելի տառապանքներու կ՚ենթարկուի։ Հայ ժողովուրդը արդէն տեսած է, թէ ինչպէս պատիժի ուղարկուած է իր զաւակներու մէկ մեծ մասը, որու շարքին են նաեւ բազմաթիւ հոգեւոր սպասաւորներ, նոյնիսկ քանի մը եպիսկոպոսներ, որոնք կամ ձերբակալուած են, կամ՝ աքսորուած։ 

«Հիմա մենք կ՚իմանանք, որ գիւղերու ու քաղաքներու ամբողջ բնակչութիւնը պէտք է լքէ իր տուները, որպէսզի անասելի դժուարութիւններով ու տառապանքով հասնի հեռաւոր վայրեր, որտեղ ալ անոնց հոգեկան տառապանքներուն պիտի գումարուին նաեւ աղքատութիւնն ու սովը։ Մենք կը կարծենք, որ այս անիրաւութիւնները կը կատարուին հակառակ Ձեր կառավարութեան կամքին։ Ուստի մենք վստահութեամբ կը դիմենք Ձերդ գերազանցութեան եւ կոչ կ՚ուղղենք մեծահոգութիւն ու խղճմտանք ցուցաբերել եւ միջամտել ի շահ ժողովուրդի մը, որ նոյնիսկ իր հաւատքի ուժով ստիպուած է հաւատարիմ մնալ ձեր երկիրին։ Եթէ հայերու շարքին կան դաւաճաններ կամ յանցագործներ, թող անոնք օրինական կերպով դատապարտուին ու պատժուին։ Սակայն, Ձերդ գերազանցութիւն, թոյլ մի տաք, որ անմեղ մարդիկ պատժուին եւ այնպէս ըրէք, որ նոյնիսկ ճամբայէն շեղածները օգտուին Ձեր գերիշխան մեծահոգութենէն։

«Ըսէք Ձեր խաղաղութեան եւ ներման խօսքը, հզօր եւ ոգեշնչող, եւ հայ ժողովուրդը, հաւաստիանալով, որ այլեւս պիտի չտառապի բռնութենէն ու հետապնդումէն, պիտի օրհնէ իր հովանաւորի օգոստոսափառ անունը։ 

«Այս յոյսով մենք Ձերդ գերազանցութենէն կը խնդրենք ընդունիլ մեր լաւագոյն մաղթանքները, որոնք մենք կը յղենք Ձեր բարօրութեան եւ Ձեր ժողովուրդներու երջանկութեան համար։

Վատիկան

10 սեպտեմբեր 1915


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.