Հրանդ Տինքի դատի փաստաբան Ֆեթհիէ Չեթին այցելեց «Հորիզոն»ի խմբագրատուն
Յունուար 16-ին, Հրանդ Տինքի դատի փաստաբան Ֆեթհիէ Չեթին այցելեց «Հորիզոն»ի խմբագրատուն։ Գանատա իր կեցութեան ընթացքին, Չեթին բանախօսութիւններով հանդէս պիտի գայ Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի մէջ։
«Հորիզոն»ի խմբագրութեան հետ հանդիպման ընթացքին Ֆեթհիէ Չեթին մանրամասնութիւններ փոխանցեց Հրանդ Տինքի դատի առնչութեամբ։ «Հորիզոն»ի խմբագիր Վահագն Գարագաշեան յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ Ֆեթհիէ Չեթինի հետ, զորս կը հրապարակենք յառաջիկային։
Ֆեթհիէ Չեթին ծնած է Խարբերդի Մատէն քաղաքին մէջ։ Աւարտած է Անգարայի համալսարանի իրաւաբանութեան բաժանմունքը։ Հիմնադիրն է «Մարդկային իրաւանց կեդրոն» կազմակերպութեան։ Հրատարակած է «Մեծ մայրս», » «թոռներս» եւ «Ամօթ կը զգամ. Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութիւնը»։ Չեթին 19 տարեկանին միայն իմացած է իր հայկական արմատներուն մասին։
Նշենք, որ Յունուար 16-ին, Քեպէգ նահանգի ամենէն տարածուն օրաթերթը նկատուող La Presse թերթը հարցազրոյց ունեցաւ Ֆեթհիէ Չեթինի հետ։