Սկիզբ առաւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան 32-րդ Ընդհանուր ժողովը
1403
0
2015 թուականի Յունուար 16-ին, Հայաստանում, իր աշխատանքները սկսաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 32-րդ Ընդհանուր ժողովը: Ժողովին կը մասնակցին ՀՅԴ կազմակերպական բոլոր շրջաններու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ հրաւիրեալ ընկերներ: Կուսակցութեան բարձրագոյն ժողովի օրակարգը կ՚ընդգրկէ Հայաստանի ներքին կլանքին եւ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող, ազգային ու պետական առումներով հետաքրքրութիւն ներկայացնող տարածաշրջանային եւ համաշխարհային խնդիրներ: Պիտի քննարկուին նաեւ այլ հարցեր: Ժողովի արդիւնքներուն մասին պիտի յայտարարուի ժողովի աւարտէն ետք:
ՀՅԴ Մամլոյ Դիւան