Ալիեւ Տաւութօղլուի Հետ Քննած Է Արցախի Հակամարտութիւնը
ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Թուրքիա կատարած իր պետական այցելութեան ընթացքին, Յունուար 15ին հանդիպում մը ունեցած է երկրի վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուի հետ։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի յարաբերութիւններուն առնչուող շարք մը հարցեր։ Նախագահն ու վարչապետը ընդգծած են տնտեսութեան, ուժանիւթի, փոխադրամիջոցի եւ այլ ոլորտներու մէջ համագործակցութեան կարեւորութիւնը։
Քննարկուած են նաեւ երկիրներու համատեղ ծրագիրները եւ յատկապէս Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղագիծի նախագիծը, ապա ընդգծուած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման հարցի կարեւորութիւնը։
Կողմերը նշած են, որ ատրպէյճանաթրքական կապերը դրական կերպով կ՛ազդեն տարածաշրջանային համագործակցութեան վրայ եւ կրնան նպաստել Արցախի հակամարտութեան լուծման՝ «պահպանելով Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը»։
Թուրքիոյ իր պաշտօնակից Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հանդիպելէ ետք, Ալիեւ յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ հետ ռազմական ոլորտէն ներս «համագործակցութեան խորացման վերաբերեալ մեծ ծրագիրներ կան»։