Հոլանտայի Մէջ Հակահայ Ժողով Կը Ծրագրուի Ցեղասպանութիւնը Ուրանալու Նպատակով
- (0)
Ալմելօ քաղաքի Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած նորակառոյց յուշարձանը, Հոլանտա
ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Յունուար 17ին, Հոլանտայի Ռոթերտամ քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ժողով մը, այսպէս կոչուած՝ «Թուրքերու դէմ ցեղասպանութիւններու ուսումնասիրութեան հիմնարկ»ի ղեկավար Սեֆա Եուրուքելի ղեկավարութեամբ, կը հաղորդէ թրքական «Սօնհապեր» կայքը:
Եուրուքել մամլոյ հաղորդագրութիւն տարածած է եւ բոլորը հրաւիրած է մասնակցելու բաց ժողովին, ուր Ցեղասպանութիւնը հերքելու փորձեր պիտի կատարուին:
Ժողովին կազմակերպման կը մասնակցի նաեւ Հոլանտայի թուրքերու խորհուրդը:
Նշենք, որ Հոլանտայի խորհրդարանը Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանաչած է 2004ին: