Շարժանկար՝ Հնդկաստանի Հայ Թագուհիին մասին, Որուն Յիշատակին Կառուցուած է Թաժ Մահալը
Orer.am-ի տեղեկութիւններով՝ վերջերս Երեւանէն Հնդկաստան մեկնած է շարժապատկեր նկարահանող խումբ մը՝ Ագրա քաղաքին մէջ գտնուող աշխարհահռչակ Թաժ Մահալի տաճարի մասին շարժանկար պատրաստելու նպատակով։ Ըստ կարգ մը պատմական աղբիւրներու, Հնդկաստանի Շահ Ճահան արքայի կինը, որուն յիշատակին ան կառուցած է Թաժ Մահալը, հայուհի եղած է։
Թագուհիին հայ ըլլալու փաստը շատերուն ծանօթ է, սակայն ատոր վաւերագրութիւնները գրեթէ կը բացակային։ Եւ ահա հայ վաւերագրողներ որոշած են լրացնել այդ բացը։ »Թաժ Մահալ. հայուհին՝ Հնդկաստանի խորհրդանիշ հոգի« կոչուող շարժանկարի առաջին ցուցադրութիւնը, հաւանաբար, տեղի ունենայ 14 փետրուարին։
Ո՞վ է Մումթազ Մահալ
Սերկէյ Աւագեան իր «Նշանաւոր Հայուհիներ» գիրքին մէջ կը նշէ, որ Մումթազ Մահալը (Հեղինէն) ծնած է 1593 թուականին հնդկական արքունիքի հայազգի պաշտօնեայ Ասաֆ խանի ընտանիքին մէջ։ Զինք նաեւ անուանած են Արճում անտ Պանօ Պեկում։
Ստացած է ժամանակի հիմնական կրթութիւն, ունեցած է կանացի նրբագեղութիւն, գեղեցկութիւն եւ եղած է բաւական նրբանկատ։ Հօր պաշտօնին պատճառով մօտ եղած է հնդկական արքունիքին։
1612-ին, գահաժառանգ Խուրամի խան կ՚ամուսնանայ անոր հետ։ 1627 թուականին գահաժառան Խուրամի խանը կը դառնայ Հնդկաստանի թագաւոր։ Թագադրութենէն ետք Խուրամի խանը կ՚անուանափոխուի եւ կը կոչուի Շահ Ճահան։
Հնդկաստանի հայուհի թագուհի Մումթազ Մահալ իր մահկանացուն կնքած է 38 տարեկանին, 1631 թուականին, Հնդկաստանի Պուրհան Նուրէ բնակավայրին մէջ, ուր հողին յանձնուած է։ Սակայն, քիչ ժամանակ ետք անոր աճիւնը տեղափոխուած է Ագրա եւ հողին յանձնուած Ճամնա գետի ափին։ Այստեղ թագաւոր ամուսին Շահ Ճահանը իր սիրեցեալ թագուհիին գերեզմանին վրայ կը կառուցէ (1630-1652) աշխարհահռչակ մզկիթ-դամբարանը՝ Թաժ Մահալը։
Թաժ Մահալ հայերէն կը նշանակէ «Թագի պալատ»։ Բանաստեղծները զայն կ՚անուանեն «Մարդկային սիրոյ յուշարձան», նաեւ «Քարէն կերտուած բանաստեղծութիւն»։
Ծանօթ աշխարհագրագէտ Կամսար Աւետիսեանը »Պատանի աշխարհագրագէտ« գիրքին մէջ (Երեւան, 1985) կը գրէ, որ 1630 թուականին Մումթազ Մահալ կ՚ուղեկցի թագաւոր ամուսնուն պատերազմի մէջ, ռազմի դաշտին վրայ կը հիւանդանայ։ Բժիշկները անկարող կ՚ըլլան փրկելու անոր կեանքը։ Մահամերձ վիճակի մէջ ան ամուսինէն կը խնդրէ իր գերեզմանին վրայ կառուցել տաճար։
Որոշ պատմաբաններ կը հերքեն Մումթազ Մահալի հայուհի ըլլալու փաստը: Կարգ մը գիտնականներ կ՚ըսեն, թէ Մումթազ կը շփոթուի մոնկոլներու մէկ այլ թագուհիի հետ, որ իրապէս, հայկական ծագում ունէր եւ, որուն ժամանակի պատմաբանները կոչած են Մարիամ Պեկում Մահիրա։