«Թուրքիան Թոյլ Պիտի Չտայ Խեղաթիւրել 1915ի Իրադարձութիւնները». Էրտողան


Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ըսած է, թէ հայերը կը գերադասեն իրենց ներուժը վատնել «այսպէս կոչուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը» քաղաքականացնելու վրայ:
Թուրքիան թոյլ պիտի չտայ խեղաթիւրել պատմական փաստերը, որոնց կարգին՝ 1915 թուականի իրադարձութիւնները: Ըստ ատրպէյճանական Vesti.az կայքին՝ այդ մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան՝ Թուրքիոյ դեսպաններու համաժողովին ընթացքին:
Էրտողան իր խօսքին մէջ նշած է, որ այս տարի աշխարհի որոշ շրջանակներ պիտի նշեն «այսպէս կոչուած Հայոց Ցեղասպանութեան» 100ամեակը: Անոր ելոյթին այս հատուածը փոխանցած է ատրպէյճանական գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով թրքական «Թէ.Ար.Թէ. Հապըր»ը:
ԱՓԱ գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով «Սի.Էն.Էն. Թիւրք» պատկերասփիւռի կայանը, կը հաղորդէ, որ Էրտողան ճաշի հրաւիրած է աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ հաւատարմագրուած Թուրքիոյ դեսպանները, դիւանագիտական ներկայացուցիչներու չորսօրեայ համաժողովին մասնակիցները եւ ճաշկերոյթին ընթացքին խօսած է նաեւ հայկական հարցերու մասին:
Ըստ այս լրատուութեան՝ Էրտողան յայտնած է, թէ հայերը կը գերադասեն իրենց ներուժը վատնել «այսպէս կոչուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը» քաղաքականացնելու վրայ:
«Այս առնչութեամբ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը արտերկրի մէջ լայնածաւալ գործունէութիւն կը տանի: 2015 թուականին նախարարութիւնը եւ համապատասխան այլ կառոյցներ պիտի աշխատին համակարգուած կերպով: Ես համոզուած եմ, որ անոնք պիտի կարենան յաղթահարել անհիմն մեղադրանքները», ըսած է Թուրքիոյ նախագահը:
Թրքական «Թուտէյ՛զ Զաման»ի փոխանցմամբ՝ համաժողովին ընթացքին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Եւրոպան մեղադրած է Եւրամիութեան՝ Թուրքիոյ անդամակցութեան հարցին մէջ կանխակալ, միակողմանի վերաբերմունք ցուցաբերելու մէջ եւ նշած է, որ, հակառակ ատոր, Անգարան կը շարունակէ Եւրամիութեան համարկուելու ջանքերը: Ան ըսած է, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ կառավարութիւնը ընդհանրապէս ամէն ինչ կ՛ընեն թուրք հանրութիւնը ոգեւորելու՝ Եւրամիութեան անդամակցելու հեռանկարով, ջանքեր կը թափեն, որ Թուրքիոյ քաղաքացիները կարենան առանց վիզայի Շէնկենի գօտիի երկիրներ երթալ:
«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ»ի համաձայն՝ անդրադառնալով Սուրիոյ ճգնաժամին՝ ան անգամ մը եւս պնդած է Սուրիոյ մէջ անվտանգութեան եւ ոչ թռիչքային գօտիներ ստեղծելու Անգարայի դիրքորոշումը:
Առաջին Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին Տարտանելի ճակատամարտի 100ամեակին առիթով, որ աւարտած էր թուրքերուն յաղթանակով, Չաւուշօղլու ծրագրած էր համաժողովի ծիրին մէջ 9 Յունուարին միօրեայ այցելութիւն՝ Չանքալայի նահանգ:
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը եւս որոշ թուաբանական տուեալներ կը հաղորդէ. Մեւլութ Չաւուշօղլու ըսած է, որ դիւանագիտական ներուժի տեսանկիւնէ Թուրքիան դարձած է աշխարհի 6րդ երկիրը: Թուրքիան աշխարհով մէկ 228 դեսպանատուներ եւ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններ ունի: Իսկ Պոլսոյ մէջ գործող բազմաթիւ երկիրներու գլխաւոր հիւպատոսութիւններու թիւով Թուրքիան դարձած է աշխարհի երկրորդ քաղաքը՝ Նիւ Եորքէն ետք:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.