Իսլամութիւնը ընդունած Հայուհին թրքական Անձնագիր կը ստանայ
Հերմինէ Դալմազեան
Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին քաղաքացի, ներկայիս Թուրքիոյ քաղաքացիութիւն ունեցող Հերմինէ Դալմազեանը այժմ կը սպասէ իր նոր անձնագրին:
Դալմազեանը, որ 10 տարի առաջ աւագ քրոջը հանդիպելու նպատակով մեկնած էր Տրապիզոն, ամուսնացած էր ազգութեամբ թուրք, 4 երեխաներու հայր Մոհամէտ Ալի Շիմշէքի հետ եւ աւելի ուշ իսլամանալով` ստացած էր Այշէ անունը: Ան ստանձնած էր Ալիի հիւանդ մօրը եւ առաջին կնոջմէ ունեցած երեխաներուն խնամելու պարտականութիւնը:
Նշենք, որ Հերմինէ Դալմազեանը իր թուրք ամուսինին հետ ունեցած է 2 երեխայ: Մոհամէտ Ալի Շիմշէքի առաջին կինը մահացած էր 9 տարի առաջ, Քելեր գիւղին մէջ տեղի ունեցած ջրհեղեղի ժամանակ:
Նշենք, որ թրքական լրատուամիջոցները մեծ ուշադրութեամբ կ՚անդրադառնան իսլամացած հայաստանցիներուն առնչուող լուրերուն` փորձելով այդ լուրերը օգտագործել սեփական քարոզչութեան նպատակով: Հերմինէ-Այշէի պարագան առաջինը չէ, յայտնի է նաեւ Քնարիկ-Փընարի դէպքը, որուն մասին կը գրեն թրքական թերթերը: Գիւմրեցի Քնարիկ Վոսկանեան 2010-ին Թուրքիոյ մէջ իսլամութիւնը ընդունած է։
ԹՈՒՐՔԱԳԻՏԱԿԱՆ ՓՈՐԹԱԼ – allturkey.am
ԱԶԴԱԿ
Քնարիկ Վոսկանեան