Ու՞ր Կ՛երթայ Աշխարհը (Ու Անոր Հետ՝ Մենք)
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Քիչ մը դժուար է աշխարհիս բաները մէկ-երկու սիւնակի սահմաններուն մէջ վերլուծել (քի՞չ մը…): Համաշխարհային թատերաբեմին վրայ անցած տարուան ընթացքին արձանագրուած գլխաւոր իրադարձութիւնները գլխապտոյտ կը պատճառեն:
Քաղաքական բեմի վրայ, պաղեստինցիներուն դէմ անարդարութիւնը կը շարունակուի բացէ ի բաց: Պաղ պատերազմի երկրորդ հանգրուանը սկսած է (ըստ շատերու՝ առաջինը չէ աւարտած իսկ): Արեւմուտքի մէջ քաղաքական ուժի կեդրոնները անցած են անդրազգային ընկերութիւններու եւ ելեւմտական հաստատութիւններու գրեթէ ամբողջական հակակշիռին տակ՝ պետութիւններու ղեկավարները վերածելով թելադրուածը գործադրելու կոչուած «ամսականաւոր պաշտօնեաներու»: Այս նոր տեսակի Արեւմուտքը կը ջանայ պահել ուժի միակ բեւեռը ըլլալու իր ձգտումը: Անոր դիմաց, Ռուսիա եւ Չինաստան կը դիմադրեն, պնդելով, որ իրենք եւս ունին շահեր, որոնք պէտք է յարգուին: Այս մեծ պատկերին մէջ, այլեւս մանրամասնութիւններ են Լիպիան, Աֆղանիստանը, Սուրիան, Իրաքը, ամբողջ Մ. Արեւելքը, ebola-ն: Մէկ խօսքով՝ միլիոնաւոր մարդիկ, որոնց կեանքերը կը խորտակուին պարզապէս որպէսզի 1 տոկոսին դրամատնային հաշիւները ուռճանան («Պլումպըրկ» լրատու գործակալութեան համաձայն՝ անցնող տարուան ընթացքին աշխարհի 400 մեծահարուստներու ինչքերը աւելցած են 92 միլիառ տոլարով): Դժուար չէ տեսնելը, թէ ընկերային-տնտեսական անհաւասարութիւնը սրընթաց կ՛արշաւէ՝ ի վնաս մնացեալ 99 տոկոսին:
Այս «նոր տեսակի» Արեւմուտքը սրընթաց ու խելայեղօրէն առաջ կը մղէ իր վարքագիծը, անհեռատես կերպով, անտեսելով այն փաստը, որ աշխարհը կ՛ընթանայ դէպի նոր բաժանարար գիծեր, դէպի նոր բախումնային վիճակներ՝ անկանխատեսելի հետեւանքներով:
Հապա՞ մենք: Հապա՞ մեր դէմ գործուած անարդարութիւնը, որ կը շարունակուի: Թուրքիա ցարդ կը մերժէ ընդունիլ իր պատասխանատուութիւնը մեր դէմ իր գործադրած ոճիրին մէջ: Ոճիր մը, որ միջազգային օրէնսդրական հնչեղութիւն ունի՝ իբրեւ ցեղասպանութիւն, անթոյլատրելի եւ պատժելի՝ նոյնինքն միջազգային օրէնքի տրամադրութիւններով:
Ներկայ աշխարհի այս ընդհանուր լարուած կացութիւնը, պարզ տրամաբանութեամբ եւ առաջին հայեացքով, նպաստաւոր պայմաններ ու մթնոլորտ չի ստեղծեր ի նպաստ մեզի: Սակայն կացութիւնը այդքան ալ սեւ ու ճերմակ չէ: Մ. Արեւելքի կացութիւնը հաշիւները վերանայելու կացութիւն ստեղծած է ամբողջ տարածաշրջանին հետ՝ նաեւ մեզի համար: Քարթերը խառնուելու ընթացքի մէջ են: Որովհետեւ հարիւր տարի առաջուան ուժերու հաւասարակշռութեան արդիւնքով ստեղծուած «սթաթուս քօ»ն գործնական փոփոխութիւններու հանգրուանի մէջ մտած է:
Հայաստան Մ. Արեւելք չէ, սակայն անոր անմիջական «սահմանակից» է. որովհետեւ այն պետութիւնը, որուն հետ մենք լուրջ խնդիրներ ունինք լուծելիք (Թուրքիան), ի՛նք ձեռքով-ոտքով առնչուած ու մասնակից է այդ տարածաշրջանին մէջ արձանագրուող դէպքերուն մէջ: Վերջին տարիներուն մամուլին մէջ յաճախ կ՛երեւին Մ. Արեւելքի զանազան տեսակի քարտէսներ, ուր ներկայ սահմանները աչքառու փոփոխութիւններով կը ներկայանան մեզի: Բնականաբար, այս անպայման չի նշանակեր, որ տեղ մը «որոշում» կայ տարածաշրջանը այս պատկերով վերաձեւելու:
Սակայն փաստը կը մնայ այն, Մ. Արեւելքի մէջ, գետնի վրայ, փաստացի փոփոխութիւններ արձանագրուած են: Օրինակի համար, 20 տարի առաջ նոյնինքն քիւրտերը չէին կրնար պատկերացնել, որ իրենց պատմութեան մէջ առաջին անգամը ըլլալով, փաստացիօրէն անկախ կարգավիճակ կրնան ունենալ՝ պետականութեան մը համար անհրաժեշտ կառոյցներով: Այսօր այդ մէկը իրականութիւն է: Թէ այս իրականութիւնը ինչքա՞ն կրնայ տեւել, ի՞նչ զարգացումներու կրնայ առաջնորդել, յայտնի չէ: Սակայն փաստը կը մնայ փաստ եւ մենք պարտաւոր ենք հաշուի նստիլ այս իրականութեան հետ:
Մանաւանդ այն պատճառով, որ քիւրտերու խնդիրը նաեւ… Թուրքիոյ խնդիրն է: Իսկ ինչ որ կ՛առնչուի Թուրքիոյ, բնականաբար պէտք է մեր հետաքրքրութեան եւ շահագրգռութեան առարկան դառնայ:
Իսկ Հայաստան, որ արդէն իսկ ներքին քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական խնդիրներ կը դիմագրաւէ, այս մեծ պատկերին մէջ պէտք ունի լուրջ յենարանի:
Սխալ չենք ուզեր հասկցուիլ: Յենարան ըսելով, դասականացած «Արեւմո՞ւտք թէ Ռուսիա» տարազին չէ որ կ՛ակնարկենք: Յենարան ըսելով կը հասկնանք ներքին, այսինքն թէ՛ ներհայկական եւ թէ ներհայաստանեան ճակատը, որ ամրապնդուելու լուրջ կարիք ունի: Արեւմտեան տիպի տնտեսական շահատակութիւններու եւ շահագործումի ներկայ վարքագիծը, որուն ականատեսն ենք այսօր, վնասաբեր է Հայաստանի ու հայութեան համար:
Իսկ համաշխարհային ներկայ խելայեղ զարգացումները լուրջ ստիպողութեան պէտք է դնեն Հայաստանի պետականութիւնը, որպէսզի ներքին ճակատը դառնայ առաւելագոյն չափով տոկուն:
Անլուծելի ու անելանելի չեն մեր դիմագրաւած հարցերը՝ եթէ հայկական պետականութիւնը կարենայ դրսեւորել ներքին հարցերը լուծելու լրջութիւն եւ կամք:
Հետեւաբար, համակրանք-հակակրանքի հարթութենէն դուրս գալով, մեր թեւերը սոթտելու պարտադրանքին տակ ենք բոլորս ալ, Երեւանէն Լոս Անճելըս, Պուէնոս Այրէսէն Պէյրութ ու Փարիզ: