Հետախուզական Գործողութիւններ, 900 Խախտում՝ 11 Հազար Կրակոցով


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի տուեալներուն համաձայն՝ 21-27 Դեկտեմբերին ղարաբաղեան–ատրպէյճանական հակամարտութեան զօրքերու շփման գիծին մէջ հակառակորդը զինադադարի պահպանման դրութիւնը խախտած է շուրջ 900 անգամ, որուն ընթացքին տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 11,000 կրակոց:
Բացի զինադադարի դրութեան խախտումներէն՝ ատրպէյճանական բանակի յատուկ ստորաբաժանումները պաշտպանութեան բանակի հարաւարեւելեան, արեւելեան եւ հիւսիսարեւելեան ուղղութիւններով ձեռնարկած են հետախուզական–ներթափանցման գործողութիւններու, որոնց ընթացքին կիրարկած են տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքեր, որոնց կարգին՝ ձեռքի նռնակներ, նաեւ ականապատած են միջդիրքային տարածքի որոշ հատուածներ:
Պաշտպանութեան բանակի ա-ռաջապահ ստորաբաժանումները ժամանակին զգացած են հակառակորդի յառաջխաղացքի փորձերը եւ անոնց կորուստներ պատճառելով՝ ստիպած են նահանջել իրենց ելման դիրքերը:
Ականազերծման գործողութիւններու եւ հակառակորդին դիմադրելու ընթացքին հայկական կողմը կորուստներ չէ տուած։
Հայկական զօրամասերը հաստատ կերպով կը տիրապետեն առաջին գիծի իրադրութեան եւ անհրաժեշտութեան պարագային կը դիմեն պատասխան գործողութիւններու։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.