Հենրիխ Մխիթարեան Հայաստանի 2014 Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը


1229_mkhitaryanՆախորդ շաբաթավերջին, յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին տեղի ունեցաւ 2014 տարուան Հայաստանի լաւագոյն ֆութպոլիստի եւ մարզիչի ընտրութիւնը:

Տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստ ճանչցուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Պորուսիա Տորթմունտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան: Ան ապահովեց 215 ձայն: 2-րդ դիրքը գրաւեց Ռոման Պերեզովսքի (96 ձայն), իսկ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Ռոպերթ Արզումանեան (59 ձայն):

Մխիթարեան, որ առաջին անգամ այս տիտղոսին տիրացաւ 2009-ին, յաջորդաբար չորրորդ տարին ըլլալով կը տիրանայ այս տիտղոսին:

Նշենք, որ մրցանակաբաշխութեան ընթացքին, Մխիթարեան, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ ստացաւ նաեւ 4 միլիոն դրամի պարգեւ մը:

Իսկ ինչ կը վերաբերի լաւագոյն մարզիչի կոչումին, անոր արժանացաւ Փիւնիկ Երեւանի եւ Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Սարգիս Յովսէփեան, որ ապահովեց 184 ձայն:

Սարգիս Յովսէփեան, որ այս արարողութեան ներկայ չէր, պարգեւատրուեցաւ նաեւ 2 միլիոն դրամով:

Ներկաներուն իր ուղղած ուղերձին մէջ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի  նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան ըսաւ.

«Կը շնորհաւորեմ բոլոր մրցանակակիրները եւ կը մաղթեմ, որ 2015-ը ըլլայ առողջութեան եւ յաջողութեան տարի, ինչպէս նաեւ ֆութպոլիստները զերծ մնան վնասուածքներէն: Ես ֆութպոլիստները եւ ֆետերասիոնին բոլոր աշխատակիցները ամէն ինչ պիտի ընենք, որպէսզի ուրախացնենք մեր համակիրները:

«Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, կը շնորհաւորեմ բոլորը` մեր համակիրները եւ ամբողջ հայ ժողովուրդը, մաղթելով առողջութեան, յաջողութեան եւ բեղմնաւորման տարի»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.