Սահմանամերձ Գիւղերու Եւ Սուրիահայ Երեխաներ՝ Նախագահական Պալատին Մէջ





ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով Հայաստանի նախագահական նստավայրին մէջ 24 Դեկտեմբերին հիւրընկալուած են սահմանամերձ շարք մը գիւղերու՝ Գեղարքունիքի մարզի Ճամբարակ, Վահան, Վայոց Ձորի մարզի Խնձորուտ, Բարձրունի, Խաչիկ, Սէրս, Արարատի մարզի Երասխ, Տաւուշի մարզի Բարեկամաւան, Բերդաւան, Դովեղ, Բաղանիս գիւղերու եւ Հայաստանի մէջ ապաստանած սուրիահայ երեխաները:
Երեխաներուն համար կազմակերպուած է նաեւ մշակութային յաւելեալ ծրագիր մը՝ այցելութիւն Հայաստանի պատմութեան եւ Յովհաննէս Թումանեանի թանգարաններ:
«Բաղրամեան 26»ում կը հիւրընկալուեն նաեւ զոհուած եւ հաշմանդամ դարձած ազատամարտիկների, արցախեան ազատամարտի մասնակից վետերանների եւ զինծառայողների երեխաներն ու թոռնիկները, այդ թւում՝ Լեռնային Ղարաբաղի, ինչպէս նաեւ սահմանափակ կարողութիւններով երեխաներ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.