Քեսապ Դարձեալ Վտանգի Տակ Է


Թէեւ քեսապցիներ արդէն վերադարձած են իրենց տուներն ու վերաշինած են իրենց եկեղեցիներն ու դպրոցները, սակայն ապահովական վիճակը կրկին անկայուն է:

Երկու օր առաջ հրթիռակոծուած է Քեսապի մօտիկ Լեղի ջուրի (Ֆռնլոք) անցակէտը, իսկ եկէկ ուշ գիշերին յարձակման վտանգը սպառնացած է Քեսապին: Ժողովուրդին մեծ մասը, յատկապէս կիներն ու երեխաները դուրս բերուած են Քեսապէն եւ ապաստանած՝ Լաթաքիա: Ըստ զինուորական աղբիւրներու Թուրքիոյ կողմը՝ սահմանին մօտ կը նկատուին զինեալ ապստամբներու համախմբումներ: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը տեղեկացնէ Քեսապի մեր աղբիւրը:

Քեսապը դարձեալ վտանգի տակ է: Թուրքիան արդէն իսկ փակած սահմանը պէտք չէ բանայ զինեալներուն առջեւ: Մենք՝ հայերս պետք է կրկին աղմուկ բարձրացնենք եւ թոյլ չտանք, որ նախկին սենարը կրկնուի:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.