Իսլամացած սասունցի հայը քրիստոնէական ծէսով յուղարկաւորուեցաւ


Տխուր Պատմութիւն Հայ Ժողովուրդի

«Սապահ» թերթի մէջ Մուսթաֆա Գայա ստորագրութեամբ հրատարակուած թղթակցութեան մը մէջ կը հաղորդուի, որ հայկական ծագում ունեցող Ֆէրման Կէզ, որ Սասունի Էօրէնկիլ գիւղը կը բնակէր եւ որ Սամաթիոյ մէջ աչքի գործողութենէ մը ետք մահացած է 84 տարեկան հասակին, 60 տարի առաջ իսլամացած ըլլալով հանդերձ յուղարկաւորուեցաւ Հայկական եկեղեցիէ մը։ Սակայն ասիկա խնդիր յառաջացուց ընտանիքէն ներս, որովհեճեւ Ֆէրման Կէզ ունէր 11 զաւակներ, որոնցմէ 7-ը իսլամ էին, իսկ մնացեալ 4-ը Քրիստոնէութիւնը ընդունած էին իրենց մօրը հետ միասին։

Ահաւասիկ յուզիչ պատմութիւն մը, որուն նմանը, ինչպէս ըսեր է նաեւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Արամ Սրբազան, առաջին անգամ կը պատահի։ Ֆէրման Կէզ ամուսնացած էր Ֆէրսիյէ Կէզի հետ, որ ամուսնութեան թուականին իսլամ էր։ Բայց Ֆէրսիյէ Կէզ իր չորս զաւակներուն հետ միասին վերջերս ընդունած էր Քրիստոնէութիւնը։ Երբ Ֆէրման Կէզ մահացաւ, Քրիստոնեայ զաւակները Գումգաբուի Մայր Եկեղեցի փոխադրել տուին իրենց հօրը մարմինը։ Անոնք պատրաստութիւն տեսան եկեղեցւոյ մէջ յուղարկաւորութիւնը կատարել տալու համար։ Բայց իսլամ եղբայրները առարկեցին, ուզեցին որ իրենց հօրը մարմինը փոխադրուի մզկիթ մը։ Անոնք կ՚ըսէին որ իրենց հայրը մինչեւ մահանալը ապրեցաւ իրաւ մահմետականի մը պէս, նամազի աղօթք կ՚ընէր, «օրուչ» կը պահէր, նոյնիսկ Կրօնից Տեսչութեան դիմած էր «Հաճ»ի ուխտագնացութեան երթալու համար։ Այս պատճառաւ տղաքը կ՚ուզէին որ իրենց հայրը մզկիթէ մը վերցուի ու թաղուի իսլամներու գերեզմանատան մէջ։ Անոնք եկեղեցիէն ետ պահանջեցին իրենց հօր մարմինը, ըսին որ եթէ պէտք ըլլայ, բռնի ուժով պիտի վերցնեն մարմինը։

Այն ատեն խնդրով զբաղիլ սկսաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Արամ Սրբազան, որ չկրցաւ որոշում տալ ու հարցուց Կրօնից Տեսչութեան կարծիքը։ Կրօնից Տեսչութիւնը յանձնարարեց որ մեռեալին կնոջը փափաքին համաձայն ընտրութիւն կատարուի։ Այսպէս է որ յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ եւ ննջեցեալին մարմինը թաղուեցաւ Հայոց գերեզմանատան մէջ։ Իսկ Ֆէրման Կէզի իսլամ զաւակները եկեղեցւոյ մէջ ցաւով հետեւեցան իրենց հօրը յուղարկաւորութեան արարողութեան։

Արամ Սրբազան յայտնեց որ առաջին անգամ է որ դէմ յանդիման կուգանք այսպիսի պարագայի մը հետ։ Ան ըսաւ որ Ֆէրման Կէզ վաթսուն տարի առաջ շրջապատի ճնշումով իսլամացած էր։ Տարիներ վերջ անոր կինն ու չորս զաւակները Քրոստոնեայ դարձան ու մեր դպրոցներէն մէկուն մէջ աշխատիլ սկսան։ Ննջեցեալը, հակառակ որ անձնագրին մէջ «մահմետական» գրուած է, Հայկական ծագում ունի, եւ այդ պատճառով ալ կարելի է ընդունիլ անոր կնոջը ու զաւակներուն փափաքը։ «Կրօնից Տեսչութեան հարցուցինք, Տեսուչն ալ ըսաւ որ կրնանք շարժիլ կնոջը փափաքին ուղղութեամբ։ Մենք ալ այդպէս ըրինք», ըսաւ Արամ Սրբազան։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.