Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Փաստերը Ամփոփող Ուղեցոյցը Տրամադրուած Է Ընթերցողներուն
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Հարեւաններ. հայեացք Հայաստանից» գիտաժողովը հատած է եզրագիծը: Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի հասարակութեան հետ կապերու ծառայութենէն յայտնած են, որ 15-17 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած նախաձեռնութիւնը կազմակերպած էր «Տարածաշրջանային իրադարձութիւնների գիտավերլուծական կենտրոնը»՝ Երիտասարդ գիտնականներու աջակցութեան ծրագիրի, Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի, Երիտասարդ առաջնորդներու դպրոցի, Ամերիկայի հայկական համագումարի եւ Հայաստանի պետական կառավարման ակադեմիոյ աջակցութեամբ:
Գիտաժողովին ընթացքին մասնագէտները անդրադարձ կատարած են Արցախի առնչուող իրադարձութիւններուն, «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման ու արաբական աշխարհին մէջ համապատասխան զարգացումներուն, Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման քաղաքականութեան իրաւական եւ քաղաքագիտական դիտանկիւններուն:
17 Դեկտեմբերին՝ գիտաժողովի փակման օրը, տեղի ունեցած է Երիտասարդ առաջնորդներու դպրոցի ղեկավար, թրքագէտ Արտակ Շաքարեանի «Ուղեցոյց Երիտասարդ Դեսպանին. Փաստարկներ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ» գիրքին շնորհահանդէսը: Գիրքը, ըստ էութեան, կ՛անդրադառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան խնդիրին եւ ամփոփ կերպով կը ներկայացնէ, թէ Հայաստան պաշտօնապէս ի՛նչ պիտի պահանջէ Թուրքիայէն՝ որպէս հատուցում:
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան գիրքը նկատած է կարեւոր հրատարակութիւն: «Այն զինում է երիտասարդութեանն այն կարեւոր պատասխաններով ու մօտեցումներով, որոնք յաճախ թուրքական կողմը խեղաթիւրում է՝ իր տեսակէտի մէջ ներկայացնելով», նշած է ան։ Ան յատկապէս կարեւոր նկատած է գիրքին յառաջաբանը, ուր անդրադարձ կը կատարուի այն իրողութեան, որ Թուրքիան որդեգրած է կասկած յարուցելու քաղաքականութիւն:
Մանոյեանի համաձայն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախաշեմին միա՛յն կրցանք ունենալ Հայոց Ցեղասպանութեան հատուցում պահանջող համապարփակ թղթածրար, քանի որ նախապէս նման բազում փորձեր ձախողութեան մատնուած էին։
Արտակ Շաքարեան՝ ներկայացնելով «Ուղեցոյց Երիտասարդ Դեսպանին. Փաստարկներ Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ» գիրքին օգտակարութիւնը, նշած է. «Թւում է, թէ հայ հասարակութիւնը լիովին տեղեկացուած է Հայոց Ցեղասպանութեան մանրամասներին: Սակայն, իրականում Հայոց Ցեղասպանութեան մասին մեր հասարակութեան անդամների զգալի մասի գիտելիքները ո՛չ հիմնաւոր են, ո՛չ էլ, առաւել եւս, փաստարկուած: Մինչդեռ նշուած հիմնախնդիրների վերաբերեալ թերի տեղե-կացուած հայ երիտասարդները, արտասահմանում զանազան առիթներով հանդիպելով թուրք եւ ադրբեջանցի՝ համապատասխան կառոյցների կողմից նախօրօք պատրաստուած անձանց, յաճախ դժուար իրավիճակներում են յայտնւում: «Ուղեցոյց երիտասարդ դեսպանին» աշխատանքը ուղղուած է լրացնելու այս բացը»:
Գիրքին մէջ ներկայացուած նիւթերուն մէջ ուսումնասիրուած են Հայոց Ցեղասպանութեան մասին թրքական գրականութիւնն ու հակահայկական կայքերուն քարոզչական բնոյթը: Այս բնագաւառին մէջ ճանչցուած հայ մասնագէտներուն հետ քննարկուած են թրքական ժխտողական հիմնական թէզերը, համատեղ փորձ կատարուած է վերջիններուն տալ կարելի եղածին չափ հիմնաւորուած, սեղմ եւ ընդգրկուն պատասխաններ: Գիրքին մէջ յատկապէս քննարկումի նիւթ կը դառնան Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութիւնը, Հայոց Ցեղասպանութեանը զոհ գացած հայերուն թիւը, հայերու ինքնապաշտպանութիւնները, բռնագաղթի՝ որպէս բնաջնջման գործիքի օգտագործումը, ինչպէս նաեւ օսմանեան դատարանին կողմէ հայերու կոտորածներու դատապարտումը:
Գիրքը նախատեսուած է արտասահման մեկնող երիտասարդներուն համար, որոնք այս կամ այն ձեւաչափով պիտի քննարկեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը կամ հանդիպումներ պիտի ունենան թուրք գործընկերներու հետ: