«Միշտ Զինուորին Կողքին». ՀՕՄականները Այցելած Են Սահմանագիծ
1486
0
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- Արդէն քանի մը տարիէ ի վեր ՀՕՄի Արցախի մեկուսի միաւորի անդամները Ամանորին ընդառաջ կ՛այցելեն սահմանագիծ՝ հայրենիքի պաշտպաններուն տօներուն առիթով շնորհաւորելու նպատակով:
14 Դեկտեմբերին անոնք այցելած են հարաւարեւելեան սահմանագիծ: ՀՕՄականները զրուցած են սահմանապահներուն հետ, ծանօթացած անոնց առօրեային եւ անգամ մը եւս համոզուած, որ հայրենիքի պաշտպանութիւնը յուսալի ձեռքերու մէջ է:
Բնականաբար, անոնք դատարկաձեռն չէին. զինուորներուն յանձնած են թէ՛ իրենց կողմէ պատրաստած, եւ թէ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ափէն Ժասիկ Բոնիացեան-æառահեանի կողմէ յատուկ զինուորներուն համար ղրկուած նուէրները։