«Սի.Էն.Էն.»ը Հայաստանի Մասին Վաւերագրական Ժապաւէն Մը Ցուցադրած Է


Շաբաթ, 13 Դեկտեմբերին «Սի.Էն.Էն.»ը «Ճամբուն Վրայ» հաղորդաշարի ծիրին մէջ փորձած է ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացնել այսօրուան Հայաստանը՝ իր տարբեր կողմերով։ Ներկայացուած է նոր սերունդի նորարարական ներուժը, ճատրակի նկատմամբ հայ ժողովուրդին տածած սէրն ու վարպետութիւնը, հայոց պատմութեան քառուղիներն ու աւանդութիւնները։
Երեւանի «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար արհեստագիտութեան կեդրոնը ներկայացուած է իբրեւ աճող սերունդի դաստիարակութեան այն դարբնոցներէն մէկը, որ կը նպաստէ ազգի նորարար ներուժի պատրաստութեան: «Սի.Էն. Էն.»ի նկարահանող խումբը այցելած է նաեւ Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ գործող ճատրակի ակադեմիա, ուր ծնողներուն ներկայութեամբ ճատրակի խաղատախտակին դիմաց երեխաները իրենց կարողականութիւնն ու հմտութիւնը ցոյց տուած են այս հինաւուրց խաղին մէջ՝ ընդգծելով այն փաստը, որ ճատրակը Հայաստանի մէջ ներառուած է դպրոցական ուսումնական ծրագիրին մէջ:
Վաւերագրական ժապաւէնի հեղինակները Հայաստանի ոգիի փնտռտուքներուն մէջ այցելած են նաեւ միջնադարեան Գեղարդ վանական համալիր եւ երկրին մէջ պահպանուած միակ հեթանոսական Գառնիի տաճար՝ ընդգծելով, որ Հայաստանը 301ին քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն ընդունած առաջին երկիրն է: Անոնք նաեւ համտեսած են հայկական աւանդական ճաշատեսակը՝ խաշը, ArmComedy հաղորդման երիտասարդ երգիծաբան Սերգէյ Սարգսեանի հետ:
Ընդգծելով այն փաստը, որ այսօր աշխարհի մէջ ապրող 10 միլիոն հայերէն Հայաստանի մէջ կ՛ապրին միայն 3 միլիոն հայեր, վաւերագրական ժապաւէնը ներկայացուցած է «Դէպի Հայք» ծրագիրի ծիրին մէջ սփիւռքահայ երիտասարդներուն իրենց հայրենիքը այցելելու փորձառութիւնը։
Երեւանի մէջ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը ցոյց տալու ատեն վաւերագրական ժապաւէնին հեղինակները նշած են, որ անիկա նուիրուած է Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ Հայոց Ցեղսապանութեան մէկուկէս միլիոն զոհերու յիշատակին: Ժապաւէնին մէջ կ՛երեւի նաեւ «Տատիկ-պապիկի» («Մենք ենք, մեր սարերը») արձանը, որ Լեռնային Ղարաբաղի ամէնէն ճանչցուած խորհրդանշաններէն է:
Ժապաւէնը դիտելու համար կարելի է այցելել հետեւեալ կայքը. http://armenianow.com/news/59346/armenia_cnn_on_the_road

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.