«Ակօս» Ցեղասպանութեան Մասին Օսմաներէն Փաստաթուղթ Կը Հրապարակէ


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Ակօս» թերթը հրապարակած է Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը հաստատող օսմաներէն փաստաթուղթ մը, որ 1918ի Ապրիլ 2ին ներկայացուած էր եւ երկու օր ետք ընդգրկուած Թուրքիոյ խորհրդարանի օրակարգին մէջ:
Նշեալ փաստաթուղթէն առաջ, 1914ի Յունիս 23ին, թրքական խորհրդարանին մէջ քննուած էր Այտընէն պատգամաւոր Էմանուէլ Էմանուէլիտինի եւ անոր գործընկերոջ հարցապնդումը՝ յոյներու տեղահանութեան մասին, եւ այդ օրերու ներքին գործոց նախարար Մեհմետ Թալէաթի պատասխանը: Հարցապնդման մէջ պատգամաւորները նշած են 150 հազար բնիկ յոյները հայրենազրկելու, յոյներուն դէմ իշխանութիւններու դրդումով խռովութիւն կազմակերպելու եւ ներգաղթածները յոյներու գիւղերուն մէջ տեղաւորելու հետ կապուած հարցեր: Թալէաթ պատասխանած էր, որ յոյներու տեղահանութիւնը կապուած է Պալքաններէն թուրքերու ներգաղթին հետ: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ե՞րբ կ՛ակնկալուի յոյներու վերադարձը՝ Թալէաթ ըսած է. «Կառավարութիւնը այդ մէկը չի փափաքիր»:
Այդ քննարկումէն 4 տարի ետք, 1918ի Ապրիլ 2ին, պատգամաւոր Էմանուէլիտին, Չաթալճայէն պատգամաւոր Թոքինիտիս եւ Իզմիրէն պատգամաւոր Վանկել խորհրդարան ներկայացուցած են այս անգամ հայերու եւ յոյներու ցեղասպանութիւններուն եւ արաբներու նկատմամբ խտրական քաղաքականութեան մասին վերոնշեալ հարցապնդումը։
Օսմանեան խորհրդարանի նախագահին ուղղուած հարցապնդման մէջ նշուած է, որ հինգ տարիէ աւելի եւ կառավարութեան հովանաւորութեամբ, աննախադէպ բռնութիւններ իրագործուած են երկիրին մէջ ու շեշտուած, որ միայն ազգային պատկանելիութեան պատճառով, մէկ միլիոն հայեր՝ առանց բացառութեան, կանայք եւ երեխաներ սպաննուած են, 250 հազար յոյներ վտարուած են երկիրէն, իսկ 150 հազարէ աւելի յոյներ սպաննուած ու անոնց ունեցուածքը իւրացուած է, սպաննուած են խորհրդարանի հայ պատգամաւորներ Զօհրապը եւ Վարդգէսը, նաեւ արաբներու սպանութիւններ տեղի ունեցած են ու 250 հազարէ աւելի քաղաքացիներ տեղահանութեան ժամանակ սովամահ եղած են:
«Ակօս»ը չէ ներկայացուցած այս հարցապնդման պատասխանը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.