«Հայոց Բանակին 6 Զինուոր Եմ Տալիս». 3րդ Անգամ Ըլլալով Զոյգ Մանչ Ունեցած Հայրը


ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– 39ամեայ Դաւիթ Սահակեանն ու 30ամեայ Նայիրա Բաղդասարեանը 11 Դեկտեմբերին երրորդ անգամն ըլլալով վայելած են ծնողք ըլլալու բերկրանքը: Ասիկա անոնց համար կրկնակի ուրախութիւն է. երրորդ անգամ ըլլալով ընտանիքին մէջ զոյգ որդի լոյս աշխարհ կը բերեն: Երեխաները ծնած են «Էրեբունի» բժշկական կեդրոնին մէջ: Կեսարեան հատումը իրականացուցած է բժշկական կեդրոնի ծննդաբերութեան բաժինի փոխտնօրէն Անդրանիկ Պօղոսեանը:
«Փանորամա»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Դաւիթ Սահակեան ըսած է, որ թէ՛ կնոջ, եւ թէ նորածիններուն առողջական վիճակը բնական է: Երեխաներէն մէկը կը կշռէ 2,8 քիլոկրամ, միւսը՝ 2,6 քիլոկրամ:
«Չորս տղաներից յետոյ, երբ իմացանք, որ նորից զոյգ ենք ունենալու, կրկին մեծ ուրախութիւն, ոգեւորութիւն ապրեցինք: Մենք մեր կարգավիճակից շատ գոհ եւ երջանիկ ենք», յայտնած է Դ. Սահակեան՝ աւելցնելով, որ իրեն համար երեխային սեռը կարեւոր չէ, կարեւորը՝ առողջ երեխաներ ունենալն է:
«Հայոց բանակին 6 զինուոր եմ տալիս, ինձ համար դրանից մեծ ուրախութիւն չկայ», նկատել տուած է ան: Միեւնոյն ժամանակ նշած է, որ կը մտածէ նաեւ աղջիկ երեխայ ունենալու մասին. «Եթէ Աստուած կամենայ, ապա աղջիկ էլ կ՛ունենանք»: Դ. Սահակեանը նշած է նաեւ, որ թէ՛ իր, թէ՛ կնոջ ընտանիքներուն մէջ կան զոյգ զաւակ ունեցողներ։
Դաւիթի եւ Նայիրայի առաջին զոյգ որդիները՝ Արծրունը եւ Սահակը, ծնած են 2007 թուականի Փետրուար 6ին, երկրորդ զոյգ որդիները՝ Նորիկը եւ Սարգիսը լոյս աշխարհ եկած են Նոյեմբեր 2010ին:
Ինչ կը վերաբերի ընտանիքի կեցութեան խնդիրներուն՝ Դ. Սահակեան ըսած է, թէ այսօր իրենց ընտանիքին հիմնական խնդիրը բնակարանի հարցն է. իրենց 8 հոգինոց ընտանիքը բնակարան չունի:
«Կ՛ուզէի, որ բազմազաւակ ընտանիքները որոշ արտօնութիւններից օգտուէին: Յոյս ունեմ, որ գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւնները հետեւութիւն կ՛անեն եւ կը յստակեցնեն բազմազաւակ ընտանիք ունեցողների բնակարանի հարցը», դիտել տուած է Դ. Սահակեան:
Նշենք, որ մասնագիտութեամբ իրաւագէտ Դ. Սահակեան կը բնակի Իջեւանի մէջ, «Համերաշխութիւն» շարժման Տաւուշի մարզային կառոյցի համակարգողն է:
Բազմազաւակ հայրը իր շնորհակալութիւնը յայտնած է նաեւ հիւանդանոցի բժշկական անձնակազմին՝ ծննդաբերութեան բաժինի փոխտնօրէն Անդրանիկ Պօղոսեանի գլխաւորութեամբ:
«Նրանք արեցին առաւելագոյնը, որպէսզի ամէն ինչ նորմալ ընթանայ: Հիւանդանոց ընդունելու պահից մինչեւ այս պահը նրանք մեզ աջակցել են: Բացառիկ վերաբերմունքի ենք արժանացել», յայտնած է ան։
Դ. Սահակեան շնորհակալութիւն յայտնած է նաեւ Տաւուշի մարզպետարանի ընկերային ապահովութեան եւ առողջապահութեան վարչութեան պետ Կարինէ Դովլաթբեկեանին, որ նաեւ աջակցած է երիտասարդ ընտանիքին, ինչպէս նաեւ Իջեւանի «Մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման կենտրոն»ի տնօրէն Գրիգոր Նազինեանին եւ մանկաբարձ Աննա Համզեանին, որոնք կնոջ յղութեան շրջանին արդէն մեծապէս օգնած են իրենց։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.