Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ’ԱՅՑԵԼԷ ԱՊՈՒ ՏԱՊԻ


Չորեքշաբթի, 10 Դեկտեմբեր 2014-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Ապու Տապիի Հայաստանի Դեսպանատունը ընկերակցութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանի եւ Ազգային Վարչութեան անդամներուն ու երեսփոխաններուն։

Դեսպանատան մուտքին Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորուեցաւ դեսպան Տիար Գեղամ Ղարիպջանեանին եւ դեսպանատան անձնակազմին կողմէ։ Աւանդական աղ ու հացի օրհնութենէն ետք, ի յիշատակ Վեհափառ Հայրապետին այցելութեան, դեսպանատան պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ ծառատնկում։ Ապա, դեսպանատան մէջ, դեսպանը բարի գալուստ մաղթեց Նորին Սրբութեան։ Իր խօսքին մէջ դեսպանը անդրադարձաւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ցուցաբերած գործնական զօրակցութեան Հայաստանի հզօրացման ձգտող աշխատանքներուն։ Ան նշեց, որ Վեհափառ Հայրապետին անձնապէս կը ճանչնայ քսանհինգ տարիներէ ի վեր եւ քաջածանօթ է անոր ազգային թէ միջազգային աշխատանքներուն ու իրագործումներուն:

Արամ Ա. Կաթողիկոս խօսք առնելով, նախ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ դարձեալ կը գտնուի Հայաստանի դեսպանատան մէջ, որ հայկական հող մըն է Հայաստանէն դուրս, ինչպէս նաեւ ողջունեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը։ Հայաստանը իւրաքանչիւր հայու հայրենիքն է եւ հայրենիքը սրբազան վայր է՝ իր հողով ու մշակոյթով, իր արժէքներով ու ձգտումներով։ Հայաստանի հզօրացումը հայ ժողովուրդին հզօրացումն է եւ փոխադարձաբար։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, իր թեմերով, այս գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ կը շարունակէ գործել, շեշտեց Նորին Սրբութիւնը, որ իր գոհունակութիւնը յայտնեց, ինչպէս բոլոր թեմերէն ներս, նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի Թեմի Ազգային Իշխանութեան եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, դեսպանատան ծրագիրներուն աջակից ու օգտակար հանդիսանալնուն։

Իր խօսքի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց դեսպանը եւ դեսպանատան աշխատակազմը, օրհնեց դեսպանատունը եւ իր բարեմաղթութիւնները ներկայացուց դեսպանատան ծրագիրներու իրագործման։

Հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս, նոյն օրը Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ Ապու Տապիի Ազգային Վարչութեան հետ, Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբին ներկայութեան եւ ապա ներկայ գտնուեցաւ Վարչութեան կողմէ ի պատիւ իրեն տրուած ճաշկերոյթին։

Յայտնենք, որ Հինգշաբթի, 11 Դեկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, Ապու Տապիի նորակառոյց Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, Հայ Եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան համաձայն, պիտի կատարուի «Դռնբացէք»-ի արարողութիւն եւ եկեղեցւոյ պատկերներու օծում։ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողքին եկեղեցւոյ օծման պիտի մասնակցին հետեւեալ միաբան հայրերը՝ Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Սպահանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Եպս. Չարեան, Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի Տեսուչ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան, Կաթողիկոսարանի Լսատեսողական գրասենեակի պատասխանատու Հոգշ. Տ. Պետրոս Աբղ. Մանուէլեան եւ գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Նշան Աբղ. Լախոյեան


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.