Միացեալ Պայքար՝ Ցեղասպանութեան Եւ Ողջակիզումի Ժխտողականութեան Դէմ


ԵՐԵՒԱՆ.– «Համաշխարհային հայկական կոնգրես»ի գլխաւոր խորհուրդի եւ «Եւրոպական հրէական խորհրդարան»ի ներկայացուցիչներու երեւանեան նիստին ընթացքին որդեգրուած է միացեալ յայտարարութիւն։
Ցեղասպանութիւն եւ Ողջակիզում ապրած ու անոնցմէ վերապրած երկու ժողովուրդներու համանման պատմական անցեալը նկատի ունենալով՝ կողմերը Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ եւ Ողջակիզումի 70րդ տարելիցի շեմին պատրաստ են միաւորելու ջանքերը, որպէսզի աշխարհի մէջ այլեւս ցեղասպանութիւններ չըլլան:
Երկու կառոյցներու ներկայացուցիչները համաձայնած են միասնաբար աշխատելու Ցեղասպանութեան եւ Ողջակիզումի ժխտողականութեան դէմ պայքարին մէջ, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան հետեւանքները յաղթահարելու, նոր ցեղասպանութիւնները կանխարգելելու գործին մէջ:
Յայտարարութեան մէջ նշուած նպատակներուն հասնելու համար «Համաշխարհային հայկական կոնգրես»ը եւ «Եւրոպական հրէական խորհրդարան»ը մտադիր են համագործակցութիւն ծաւալել համաեւրոպական մակարդակի վրայ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.