Փտածութեան Դէմ Պայքարին Մէջ Հայաստան Յառաջընթաց Չէ Արձանագրած


ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Հակառակ իշխանութիւններու խոստումներուն՝ Հայաստանը փտածութեան դէմ պայքարին մէջ զգալի առաջընթաց չէ արձանագրած այս տարուան ընթացքին: 9 Դեկտեմբերին այս յայտարարութիւնը կատարած է այս մարզը ուսումնասիրող «Թրանսփերընսի ինթըրնեշընըլ» հակափտածութեան կեդրոնի ղեկավար Վարուժան Հոկտանեան:
«Կոլլափ» հարցախոյզի կեդրոնի հարցումներուն պատասխաններուն համաձայն՝ առողջապահութեան ոլորտը, պետական ծառայութիւնն ու դատարանները ամէնէն փտած բնագաւառներն են: Ըստ փորձագէտներուն՝ վերացուած չեն նաեւ փտածութեան ծնունդ տուող հիմնական գործօնները:
«[Դրանք են՝] բիզնեսի եւ քաղաքական վերնախաւերի սերտաճումը, տնտեսութեան մոնոպոլիզացիայի բարձր աստիճանը, որը իր հետ, որպէս կանոն, բերում է նաեւ քաղաքական դաշտում մոնոպոլիզացիայի, դատական համակարգի ոչ անկախ լինելը: Մեր հասարակութիւնը, դժբախտաբար, բաւականին անտարբեր եւ հանդուրժող է կոռուպցիայի նկատմամբ», յայտնած է Հոկտանեան։
Ընդ որում, փորձագէտները մտավախութիւն ունին, որ յառաջիկային իրավիճակը կրնայ վատթարանալ՝ հաշուի առնելով այն փաստը, որ Հայաստան կը պատրաստուի անդամակցելու փտածութեան բարձր մակարդակ ունեցող երեք երկիրներու՝ Ռուսիոյ, Պելոռուսի եւ Ղազախստանի դաշինքին: Եթէ տարիներ առաջ Եւրամիութեան հետ համագործակցութեան ծիրին մէջ Հայաստանի իշխանութիւնները ստիպուած էին բարեփոխումներ կատարելու, ապա այս նոր ակումբին մէջ անոնց դիմաց նման պայման չի դրուիր։
«Լաւատեսութեան հիմք չի տալիս, որովհետեւ ես առանձնապէս չեմ հաւատում, որ Հայաստանը կը դառնայ լիդէր եւ Ռուսաստանը, Բելառուսը, Ղազախստանը կը փորձեն հասնել գոնէ Հայաստանին: Ընդհակառակը, ես աւելի շատ տեսնում եմ վտանգ, որ հակառակը տեղի կ՛ունենայ», նշած է կեդրոնի ղեկավարը:
Ուսումնասիրութիւնները կը վկայեն նաեւ, որ Հայաստանի մէջ մարդիկ առաւել հանդուրժող ու անտարբեր են փտածութեան հանդէպ: Պատճառը, ըստ Հոկտանեանի, պետական տարբեր ատեաններու հանդէպ անոնց ունեցած անվստահութիւնն է:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.