Ռուբէն Վարդանեանը 50 Միլիոն Տոլարի Ներդրում Պիտի Կատարէ Արցախի Մէջ
Դեկտեմբեր 7-ին ԼՂՀ կառավարութեան նիստերու դահլիճին մէջ “Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ” հիմնադրամին (IDеA) կողմէ կայացած է Արցախի Ասկերանի շրջանի Նորագիւղ համայնքի տարածքին էկօ գիւղի կառուցման ծրագիրի շնորհանդէսը, որուն կը մասնակցէին Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը, վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեանը, Հիմնադրամի համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեանը եւ պաշտօնատար այլ անձինք: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress-ը:
Ներկայացնելով ծրագիրի մանրամասներն ու իրականացման փուլերը` Հիմնադրամին կողմէ հրաւիրուած միջազգային փորձագէտները նշած են, որ անիկա լուրջ խթան պիտի հանդիսանայ Արցախի զբօսաշրջութեան զարգացման համար` այս առումով ներմուծելով նաեւ նոր մշակոյթ: Ըստ ներկայացուածին` ծրագիրին էութիւնը կը կայանայ այն բանի մէջ, որ բնապահպանական առումով մեծ ներուժ ունեցող Արցախի մէջ պիտի ստեղծուին բնական մաքուր սկզբունքներով աշխատող ժամանակակից ենթակառուցուածքներ` զբօսաշրջիկներու մեծ հոսք ներգրաւելու համար: Ծրագիրի պատասխանատուներուն խօսքով, արդէն 2015թ.-ին պիտի սկսին շինարարական աշխատանքները, որոնք, ըստ փուլերու, կը նախատեսուի աւարտել քանի մը տարուան ընթացքին:
Նախագիծը կեանքի կոչելու համար անհրաժեշտ պիտի ըլլան համապատասխան որակեալ մասնագէտներ, որոնց ընտրութեան եւ կրթութեան համար Հիմնադրամի ներկայացուցիչները եկող տարեսկիզբին պիտի հանդիպին հասարակութեան լայն շրջանակներու հետ:
Ողջունելով նախաձեռնութեան հեղինակները` նախագահ Բակօ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է Ռուբէն Վարդանեանին` Արցախի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման գործին մէջ արտասահմանեան առաջատար մասնագէտներու ներգրաւման եւ ժամանակակից փորձի կիրառման նպաստելու համար: Նախագահը նշած է, որ ԼՂՀ իշխանութիւնները պատրաստ են ամէն կերպ աջակցելու ծրագիրի իրականացման եւ յաջողութեան համար:
Նշենք, որ մեր ունեցած հաւաստի տուեալներով` նախագիծին արժէքը կը կազմէ շուրջ յիսուն միլիոն ամերիկեան տոլար: