«Եահու Թրեվըլ»ը Խորհուրդ Կու Տայ Այցելել Արցախի Հանրապետութիւն


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».– «Եահու» տեղեկատուական հիմնական էջին վրայ «Ճամբորդութիւն» («Թրեվըլ») բաժինին մէջ հետաքրքրական ճամբորդութիւններու սիրահարներուն խորհուրդ կը տրուի այցելել փաստօրէն գոյութիւն ունեցող, սակայն ՄԱԿի կողմէ չճանչցուած պետութիւններ, ինչպէս՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն:
Խորհրդային ժամանակաշրջանին Լեռնային Ղարաբաղը՝ հայերով բնակեցուած շրջանը, գտնուած է Ատրպէյճանի կազմին մէջ, սակայն Խորհրդային միութեան փլուզումէն ետք Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիները քուէարկած են յօգուտ անկախութեան:
«Յաղթանակ տանելով Ատրպէյճանին եւ 1994 թուականին զինադադարի համաձայնագիր կնքելով՝ Լեռնային Ղարաբաղը ձեռնամուխ եղաւ անկախ պետականութեան կերտման եւ այսօր ճանչցուած է Աբխազիոյ, Հարաւային Օսիայի եւ Մերձտնեսթրի կողմէ», նշուած է կայքին մէջ:
Լեռնային Ղարաբաղ այցելելու պատճառներուն կարգին նշուած է ոչ միայն գեղատեսիլ լեռները, հինաւուրց վանքերն ու եկեղեցիները, այլ նաեւ ղարաբաղցիներուն աննկարագրելի հիւրընկալութիւնը:
«Չզարմանաք, եթէ յանկարծ յայտնուիք տեղւոյն գիւղերէն մէկուն թութի օղիով ու բաժակաճառերով լիացած սեղանին շուրջ: Կատարեցէք երկու շաբաթեան հետիոտն ուղեւորութիւն, վայելեցէք հինաւուրց հայկական Շուշի քաղաքն ու կախարդական Ղազանչեցոց եկեղեցին», այցելուներուն խորհուրդ կու տայ «Եահու Թրեվըլ»ը:
Կայքը կը յիշեցնէ, որ Լեռնային Ղարաբաղ կարելի է երթալ Հայաստանի տարածքով՝ մօտ հինգ ժամ տեւող ճամբով: Գրուած է նաեւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի օդային հաղորդակցութեան միջոցները վերականգնուած են եւ պատրաստ են շահագործման: Այս առումով «Եահու Թրեվըլ»ը կը նշէ, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները սպառնացած են հարուածել նոյնիսկ քաղաքացիական օդանաւերը։
Կայքը նաեւ կը յիշեցնէ, որ թերեւս միայն սահմանագիծին վրայ կրնան որոշ վտանգներ ըլլալ, քանի որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը բազմաթիւ անգամներ սպառնացած է զաւթել Լեռնային Ղարաբաղը: Այդուհանդերձ, «Եահու Թրեվըլ»ը խորհուրդ կու տայ այցելուներուն՝ չփախցնել առիթը այցելելու նաեւ լեռներու վրայ խոյացած Գանձասարի հինաւուրց համալիրը եւ 9րդ դարուն կառուցուած Դադիվանքը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.