Երիքովի կալուածը վերադարձուեցաւ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան


 

Ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք, թէ Ուրբաթ, 28 Նոյեմբեր 2014ին մեր պատրիարքութեան հող-կալուածը Երիքովի մէջ, որ կը կոչուի Մեսրոպ Նշանեան արտ, վերջապէս Պաղեստինի գերագոյն ատեանին կողմէ յայտարարուեցաւ ազատ եւ վերադարձ իր իրաւական տիրոջ՝ Սրբոց Յակոբեանց պատրիարքութեան։
Կալուածը մօտաւորապէս տաս ու կէս տոնում է եւ գեղեցիկ հող մըն է, լեցուն պտղատու ծառերով եւ կանաչազարդ պարտէզներով։ Այս կալուածը ժամանակին կը գործածուէր որպէս ձմեռանոց, որովհետեւ Երիքովի օդը ձմեռ ատեն ամենամեղմ եղանակներէն մէկը ունի աշխարհիս վրայ։ Կալուածին տեղը քաղաքի շատ արժէքաւոր շրջանի մէջն է, տարածուած աշխարհագրականօրէն Փորձութեան լերան մէկ կողմէն, իսկ միւս կողմէն՝ Մեռեալ Ծով։
Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք իրենց ժամանակը տրամադրեցին գործին յաջողութեան համար։ Եւս առաւել՝ մեր պատրիարքութեան յարատեւ ջանքերուն՝ առանց խնայելու որեւէ ֆինանսական միջոց դատի յաջողութեան համար։

ԿԱԼՈՒԱԾՈՑ ՏԵՍՉՈՒԹԻՒՆ Ս. ԱԹՈՌՈՅՍ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.