Թրքական Թերթը Ղարաբաղը Անկախ Պետութիւն Ներկայացուցած Է. Ատրպէյճանը Խիստ Զայրացած Է


Թրքական Իշխանամէտ Sabah թերթի հրապարակումներէն մէկը Ատրպէյճանի մէջ մեծ աղմուկ բարձրացած է:

Ըստ news.am-ի` Sabah պարբերականը “3 մայրաքաղաք, 11 պաշտօնական լեզու եւ 5 լեզուով քայլերգ կայ” հրապարակման մէջ Լեռնային ղարաբաղի հանրապետութիւնը ներկայացուցած է Լեռնային ղարաբաղի հանրապետութիւն անունով: Այս հրապարակումէն ետք Ատրպէյճանի մէջ բողոքի հսկայական ալիք բարձրացած է: Թրքական Sabah-ին սկսած են քննադատել բոլոր լրատուական կայքերը, քաղաքական գործիչներն ու հասարակական կազմակերպութիւնները:

Այս ամէնէն ետք Sabah պարբերականը իր կայքէն հեռացուցած է անկախ պետութիւններու ցանկը, ուր եղած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան անուանումը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.