Հենրիխ Մխիթարեան՝ Աշխարհի Լաւագոյն 100ի Ցանկին Մէջ
1763
0
ԵՐԵՒԱՆ, «Ռադիօլուր».– Ֆութպոլի Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ Տորթմունտի Պորուսիոյ ֆութպոլիստ Հենրիխ Մխիթարեանը «Ֆոր ֆոր թու» պարբերականի վարկածով՝ 2014 թուականի լաւագոյն 100 մարզիկներու ցանկին մէջ 84րդ դիրքի վրայ է:
«Միքի» ծածկանունը ստացած խաղացողը երկրպագուներուն սիրելին դարձաւ առաջին իսկ մրցաշրջանին արձանագրած իր կարեւոր կոլերուն շնորհիւ, որոնց կարգին Չեմփիոն Լիկի ծիրին մէջ Արսենալի դարպաս ուղարկած գնդակը:
2014 թուականին Հենրիխ Մխիթարեան Պունտեսլիկայի մէջ 162 արդիւնաւէտ անցում կատարած է, ինչ որ 50ով աւելի է, քան Պորուսիոյ որեւէ այլ մարզիկի ցուցանիշը, գրուած է պարբերականի մեկնաբանութեան մէջ: