Թուրք Նախարար.«Երկիրի Գնդաձեւ Ըլլալը Յայտնաբերած են Իսլամները»


«Հիւրրիյէթ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ գիտութեան, արդիւնաբերութեան եւ ճարտարագիտութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըք յայտարարած է, որ երկրագունդի կլոր ըլլալը յայտնաբերած են իսլամ գիտնականները։ Ըշըք այդ յայտարարութիւնը կատարած է Գոնիա քաղաքի մէջ խումբ մը գործարարներու առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ։

«Կալիլէօ Կալիլէիէն 700-800 տարի առաջ 71 իսլամ թուաբանագէտներ եւ աշխարհագրագէտներ յայտնաբերած էին, որ մեր Երկիրը ունի գունդի տեսք», յայտարարած է ան։

Նախապէս, ոչ նուազ զաւեշտալի յայտարարութիւն կատարած էր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան։ Լատին Ամերիկայի մահմետական կրօնական ղեկավարներու վեհաժողովի վերջաւորութեան իր արտասանած խօսքին մէջ Էրտողան ըսած էր, որ 1178 թուականին՝ այսինքն Գոլոմպոսէն 314 տարի առաջ Ամերիկայի ցամաքամաս հասած են իսլամ ծովագնացները։ Ըստ անոր, Գոլոմպոս նոյնիսկ իր յուշերուն մէջ խօսած է Քուպայի ափ հասնելու ժամանակ լերան մը կատարին մզկիթ տեսնելու մասին։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.