Հայաստանի Ընտանիքները Թիւերով


Ամուսնութեան տարիքը

Ամուսնութեան միջին տարիքը Հայաստանի մէջ 2011-ին տղամարդոց համար եղած է 29,6 տարեկանը, իսկ կանանց համար՝ 25,6 տարեկանը։ 1991-ին, այդ շեմը եղած է տղոց համար 26 տարեկան, իսկ աղջիկներու համար 22 տարեկան, այսինքն 20 տարի առաջ տղամարդիկ կ՚ամուսնանային 3 տարի, իսկ կանայք՝ 4 տարի կանուխ։

Ընտանիքներու տեսակը

Հայաստանի հանրապետութեան ընտանիքներու գերակշիռ մեծամասնութիւնը՝ 59 առ հարիւրը, մասնաւորաբար քաղաքաբնակ ընտանիքներու 57 առ հարիւրը եւ գիւղաբնակներու 63 առ հարիւրը, կ՚ապրի եռասերունդ (առանձին պարագաներու նաեւ քառասերունդ) կազմով՝ շարունակելով հայկական ընտանիքներու դարերով ձեւաւորուած աւանդութիւնները։

Հանրապետութեան մէջ տնային տնտեսութիւններու գերակշիռ մասի գլխաւորը հանդիսացած են տղամարդիկ՝ 69,1 առ հարիւրը, իսկ կին գլխաւոր ունեցող տնային տնտեսութիւններու համեմատութիւնը եղած է՝ 30,9 առ հարիւր (քաղաքային բնակավայրերու մէջ՝ 33 առ հարիւրը, իսկ գիւղական բնակավայրերուն մէջ՝ 26,2 առ հարիւրը)։

2011-ին, մինչեւ 16 տարեկան անչափահաս երեխաներ չունեցող տնային տնտեսութիւններու համեմատութիւնը եղած է 57,2 առ հարիւր։

Մէկ երեխայ ունեցող տնային տնտեսութիւններու համեմատութիւնը եղած է 19,2 առ հարիւր, երկու երեխայ ունեցողինը՝ 18,8 առ հարիւր, երեք երեխաներ ունեցողինը՝ 4,1 առ հարիւրը, չորս երեխայ ունեցողինը՝ 0,6 առ հարիւր, հինգ եւ աւելի երեխայ ունեցողինը՝ 0,1 առ հարիւր։

Աղքատութեան մակարդակը

2011-ին, աղքատութեան մակարդակը կազմած է 35 առ հարիւրը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ հանրապետութեան մէջ երեք քաղաքացիներէն մէկը՝ աղքատ է (շուրջ 1,1 միլիոն մարդ)։ Անոնց շարքին հինգ քաղաքացիներէն մէկը՝ 19,9 առ հարիւրը՝ շատ աղքատ, իսկ 3,7 առ հարիւրը ծայրայեղ աղքատ է։

Աղքատ կը համարուին անոնք, որոնց սպառումը մէկ չափահաս անձի հաշուով ցած եղած է աղքատութեան վերի գիծէն՝ 36158 դրամէն (կամ 97,1 ամերիկեան տոլար), շատ աղքատ են, անոնք, որոնց սպառումը ցած եղած է աղքատութեան ստորին գիծէն՝ 29856 դրամէն(կամ 80,2 ամերիկեան տոլարէն), իսկ ծայրայեղ աղքատ կամ թերսնուած գնահատուած են անոնք, որոնց սպառումը մէկ չափահաս անձի հաշուով ցած եղած է աղքատութեան պարենային գիծէն՝ 21306 դրամէն(կամ 57,2 ամերիկեան տոլարէն)։

Ծայրայեղ աղքատ ընտանիքներու միայն 67 առ հարիւրը եւ աղքատ ընտանիքներու 26 առ հարիւրը կանոնաւոր ընտանեկան նպաստ կը ստանայ։

Հայաստանի մէջ երեխայի գոյութիւնը կ՚աւելցնէ աղքատութեան մակարդակը։ Բազմանդամ եւ երեխաներ ունեցող տնային տնտեսութիւններու ծիրին մէջ աղքատ ըլլալու հաւանականութիւնը աւելի մեծ է։

Հայաստանի մէջ 18 տարեկանէն փոքր երեխաներու 41,9 առ հարիւրը՝ աղքատ են եւ 4,7 առ հարիւրը ծայրայեղ աղքատ։ Այսինքն, Հայաստանի մէջ բնակող երեխաներէն 300,000-ը՝ գրեթէ երեք երեխաներէն մէկը, աղքատ է։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.