Արցախի Ճարտար Համայնքը Քաղաքի Կարգավիճակ Ստացաւ


ԵՐԵՒԱՆ, «Արցախփրէս».– 26 Նոյեմբերին տեղի ունեցած Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի լիագումար նիստին ընթացքին համաձայնութիւն տրուած է կառավարութեան առաջարկին՝ Մարտունիի շրջանի Ճարտար համայնքին քաղաքի կարգավիճակ տալու:
Օրէնքը ընդունուած է ձայներու 19 թեր, 5 դէմ, 3 ձեռնպահ քուէներով։
Յիշեցնենք, որ Յուլիսին, տեղական հանրաքուէ կայացնելով, Ճարտար եւ Ղուզէ Ճարտար համայնքներու բնակչութիւնը քուէարկած էր երկու համայնքներու միաւորման օգտին: Անկէ մեկնելով՝ կառավարութիւնը փոփոխութիւններ եւ լրացումներ առաջարկած է «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վար-չատարածքային բաժանման մասին» օրէնքին մէջ: Համաձայն անոնց՝ կ՛առաջարկուի Ճարտարի տարածքին մէջ գտնուող Զօրաւանին եւս տալ քաղաքի կարգավիճակ՝ Ներքին Ճարտար անունով, ընդգրկելով զայն Ճարտար քաղաքային համայնքի կազմին մէջ: Նշենք նաեւ, որ Ճարտարը Արցախի մեծագոյն գիւղական համայնքն էր:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.