Վըրճինիայի Եկեղեցիներու Խորհուրդը Ցեղասպանութեան 100ամեակը Նշելու Բանաձեւ Կը Վաւերացնէ


ՌԻՉՄԸՆՏ.- Նոյեմբեր 6ին տեղի ունեցած Վըրճինիայի եկեղեցիներու խորհուրդի 70րդ ընդհանուր ժողովին ընթացքին, միաձայնութեամբ վաւերացուած է բանաձեւ մը, որ կոչ կ՛ընէ Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը նշելու։
Ժողովը նաեւ որոշեց բանաձեւը յղել նահանգի բոլոր եկեղեցիներուն, ծուխերու մակարդակով ծրագիրներ իրականացնելու առաջադրանքով։
Բանաձեւի վաւերացման մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է պատուելի դոկտ. Ճանըթըն Պարթըն, որ Վըրճինիայի եկեղեցիներու խորհուրդի գործադիր վարիչն է։ Ան վերջին քանի մը տարիներուն, արդէն իսկ մօտէն կը գործակցի շրջանի Ս. Յակոբ հայկական եկեղեցիին հետ եւ անդամ է Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման տեղական մարմինին։
Բանաձեւը Վըրճինիայի եկեղեցիներու խորհուրդին ներկայացուցած են Ս. Յակոբ հայկական եկեղեցիէն Պետրոս Պանտազեան եւ Սոնա Փոմֆրեթ, որմէ ետք քննարկում մը տեղի ունեցած է Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներ իրականացելու կարեւորութեան շուրջ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.