«.հայ» Համացանցային Նոր Տիրոյթը Պիտի Գործէ Դեկտեմբերէն


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– ICANN կազմակերպութեան կողմէ «.հայ» համացանցային նոր տիրոյթի (domain) արձանագրութիւնը մեծապէս պիտի նպաստէ հայոց լեզուի զարգացման, օգտագործման, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ընդլայնմանը: 25 Նոյեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է «Ինտերնետ հանրութիւն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահի տեղակալ Գրիգոր Սաղեանը՝ աւելցնելով, որ մեսրոպատառ տիրոյթը պիտի սկսի գործելու Դեկտեմբերէն եւ ունենայ 3-6ամսեայ փորձառական շրջան:
«Երբ կազմակերպութիւնը նախաձեռնեց այս գործընթացը, բազմաթիւ փորձագիտական քննութիւններ եւ լսումներ էր անցկացնում, բայց ամենասկզբից ICANN-ը յայտարարեց, որ մենք չգիտենք՝ ինչ զարգացումներ են լինելու, մենք պէտք է գրանցենք եւ կը տեսնենք, թէ ինչպէս կը զարգանայ: Բայց յստակ վիճակագրութիւն, թէ ինչպէս կը լինի Հայաստանի դէպքում, ոչ մէկը չունի: Անհրաժեշտ է փորձել, նոր յետոյ տեսնել, թէ ինչ կը ստացուի», յայտնած է Գրիգորի Սաղեան:
Ան նշած է, որ մեսրոպատառ տիրոյթի արձանագրութեան կ՛աջակցին շարք մը պետական կառոյցներ՝ կառավարութիւնը, Գիտութիւններու ակադեմիան եւ Լեզուի պետական տեսչութիւնը:
«Առանց պետութեան կողմից սատարման հնարաւոր չէ գրանցել երկրի դոմեն, եւ ICANN-ի ներկայացուող փաստաթղթերում անհրաժեշտ է ստանալ կառավարութիւնը ներկայացնող մարմինից սատարող համապատասխան գրութիւններ: Բոլոր կառոյցները, որոնք սատարում են դոմենի գրանցմանը, համապատասխան գրութիւնները նախ քննարկել, յետոյ տրամադրել են», ըսած է Գրիգոր Սաղեանը:
«Ինտերնետ հանրութիւն» կազմակերպութեան անդամները նշած են, որ հայալեզու տիրոյթի օգտագործումը կրնայ նպաստել հայկական համացանցի որոշակի մեկուսացմանը, սակայն ատիկա յստակ պիտի դառնայ տիրոյթի գործարկումէն ետք։
Մետիայի փորձագէտ Սամուէլ Մարտիրոսեանի համաձայն՝ «հայալեզու դոմենը հաքերային յարձակումներից պաշտպանելու առումով առկայ խնդիրներին նորերը չի աւելացնի»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.