Տաւութօղլու Կը Փորձէ Սիրաշահիլ Տերսիմցիները


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու Կիրակի, Նոյեմբեր 23ին Տերսիմ (Թունճելի) այցելեց։ Քաղաքը վերջերս լուսարձակի տակ է՝ երեսունական թուականներուն հոն տեղի ունեցած ջարդին պատճառով, եւ շատ կը խօսուի տերսիմցիներէն ներողութիւն խնդրելու մասին։ Մամուլը նաեւ կը գրէ, թէ կառավարութիւնը հաւանաբար դարձեալ Տերսիմի փոխէ Թունճելիի անունը։
Վարչապետը այցելեց ալաուիներու աղօթատեղին ու տեղւոյն համալսարանը, ուր ունեցաւ կարեւոր ելոյթ մը։ Ան ըսաւ, որ «աւետիսներ» ունի «Թունճելիի ժողովուրդին»։ Նախ ըսաւ, թէ տեղւոյն զօրանոցը պիտի վերածուի թանագարանի եւ անոր անունը պիտի ըլլայ «Տերսիմի թանգարան»։ Ապա խոստացաւ նորոգութեան ենթարկել քաղաքի ճամբաները՝ միաժամանակ շեշտելով «հաւասար հայրենակցութեան ու եղբայրութեան կարեւորութիւնը»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.