Յատուկ Գործողութիւնը Կատարած Է Յատուկ Ջոկատայիններու 4 Հոգինոց Խումբը


ԵՐԵՒԱՆ.– Հայկական ջախջախուած ուղղաթիռի օդաչուները տարհանելու փայլուն գործողութիւն կատարած է յատուկ նշանակութեան ջոկատայիններու 4 հոգինոց խումբը: Գործողութեան ընթացքին անոնք օգտագործած են 3 տեսակի օդային սարք. անոնցմէ մէկը առաջին անգամ ըլլալով գործարկուած հայկական գործողութեան մը ընթացքին:
24 Նոյեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է քաղաքագէտ Հրանտ Մելիք-Շահնազարեանը: Անոր համաձայն՝ Ատրպէյճանի հասարակութիւնը, ինչպէս նաեւ ընկերային ցանցերը չեն հաւատար այդ երկրի մամուլին մէջ տարածուած այն պնդումներուն, թէ հայկական կողմին կատարած դուրս բերման այդ գործողութիւնը չէ յաջողած:
Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճան պաշտօնապէս յայտնած էր, թէ արտօնութիւն պիտի տայ ջախջախուած ուղղաթիռին մօտենալու միայն այն ատեն, երբ ինք յարմար տեսնէ ատիկա։
Պատասխանելով լրագրողներուն այն հարցումին, որ արդեօք այս հանգրուանէն ետք կա՞յ պատերազմի ծագիր՝ Հրանտ Մելիք-Շահնազարեան ըսած է. «Ո՛չ Հայաստանը, ո՛չ էլ Ադրբեջանը, առաւել եւս Լեռնային Ղարաբաղը լայնածաւալ պատերազմական գործողութիւններ չեն ուզում: Կատարուածը պատերազմի վերսկսման առիթ չէր, այլ հակառակորդը նման քայլով փորձեց իր հասարակութեան ուշադրութիւնը շեղել տնտեսական խնդիրներից, որոնք առաջացել են նաւթի գների անկման հետեւանքով»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.