Հայկական Զինեալ Ուժերը Վերադարձուցին Կործանած Ուղղաթիռի Անձնակազմէն Դիակ Մը Եւ Մասունքներ


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի յատուկ ստորաբաժանումներու իրականացուցած գործողութեան արդիւնքով անցնող շաբաթավերջին տարհանուած են Ատրպէյճանի կողմէ կործանուած ուղղաթիռի անձնակազմէն մէկուն անշնչացած մարմինը, երկու օդաչուներուն մասունքները եւ կործանուած ուղղաթիռէն կարգ մը անհրաժեշտ մասեր:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը հաղորդեց, որ նկատի առնելով ատրպէյճանական կողմի պաշտօնական յայտարարութիւններն ու բանականութեան ի սպառ բացակայութիւնը, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան զինուած ուժերը ստիպուած դիմած են յատուկ նշանակութեան գործողութեան՝ 12 Նոյեմբերին հակառակորդին կողմէ կործանուած ուղղաթիռին խնդիրը լուծելու համար:
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին մէջ գրած է. «Փաստօրէն Ատրպէյճանի կորուստները շատ են եւ այնքան շատ, որ հրամանատարը պաշտօնանկ ըրած են: Հետաքրքրական է, թէ զիրենք պաշտօնէն ազատ կացուցած են այս կորուստներո՞ւն, թէ ուղղաթիռը զարնելնուն համար: Նկատի առնելով հակառակորդի չափազանց մեծ կրակային եւ այլ հակազդեցութիւնները, այս գործողութիւնները բնոյթով եւ բարդութեամբ աննախադէպ էին: Կատարողականութիւնը ուղղակի փայլուն է՝ նկատի առնելով նաեւ հակառակորդին ոչ փոքր կորուստները, որոնք ծուղակ էին: Տակաւին քանի մը օր պիտի լսենք անունները անոնց, որոնք բնականաբար մահացած կ՛ըլլան տարբեր դժբախտութիւններէ: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան յատուկ նշանակութեան ուժերը իրենց տօնի օրը փայլեցան, փառք անոնց: Կատարուած է համաշխարհային մակարդակի փայլուն գործողութիւն, իսկ սեւ հրանօթները կը լռեն»:
Նշենք, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքած է հայկական յատուկ գործողութեան մասին տեղեկութիւնը:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի գործողութենէն եւ կործանուած ուղղաթիռի անդամներուն տարհանումէն ետք իրադրութիւնը շփման գիծին վրայ վերահսկելի է, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան: Նախարարին խօսքով՝ ուղղաթիռի անձնակազմի զոհերուն աճիւնները արդէն փոխանցուած են իրենց հարազատներուն:
«Կրակահերթեր միշտ կան, սակայն վիճակը վերահսկողութեան տակ է», ըսած է Յակոբեան:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան՝ մեկնաբանելով հայկական զինուած ուժերու կործանուած ուղղաթիռի անձնակազմի դուրս բերման գործողութիւնը, կը յայտնէ. «Մեր դրացիներուն պետական կարծր դիրքորոշումը, բանականութեան բացակայութիւնը եւ ուղղաթիռի կործանումէն ետք մարդասիրական չափանիշերուն համաձայն՝ օդաչուները յանձնելու գծով ժխտական կեցուածքը ստիպեց հայկական կողմը յատուկ գործողութիւններու դիմելու», ըսաւ Սէյրան Օհանեան՝ ընդգծելով, որ հայկական կողմը հմտութեամբ գործած է, ուսումնասիրած է ուղղաթիռի կործանման վայրը եւ ոչնչացուած է հակառակորդին ծուղակը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.