Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ զոհուած օդաչուներու հոգեհանգիստի արարողութիւնը
1201
0
(Լուսանկարը՝ Գաբրիէլ Փանոսեանի)
Երեւանի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, այսօր երեկոյեան տեղի ունեցաւ Արցախի մէջ խոցուած հայկական բանակի ուղղաթիռի անձնակազմի անդամներ մայոր Սերգէյ Սահակեանի, աւագ լեյտենանտ Սարգիս Նազարեանի եւ լեյտենանտ Ազատ Սահակեանի հոգեհանգիստի արարողութիւնը, որուն ներկայ էին նախագահ Սերժ Սարգսեանն ու պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը:
Յիշեցնենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը երեք զոհուած օդաչուներուն «Արիութեան համար» մետալով յետմահու պարգեւատրեց։