Մարտունիի մէջ բնակելի նոր թաղամաս կը կառուցու՚ի
1558
0
Մարտունիի քաղաքապետ Մհեր Խաչատրեան լրագրողներու հետ կայացած հանդիպման ընթացքին տեղեկացուց, որ Արցախի Մարտունի քաղաքին մէջ 120 բնակարաններ պիտի տրամադրուին տնտեսապէս անապահով, բազմազաւակ, կարիքաւոր ընտանիքներու եւ Բանակին մէջ ծառայող զինուորներու։
Փետրուարին սկիզբ առած բնակելի թաղամասի շէնքերու շինարարական աշխատանքները պիտի աւարտին 2015 թուականի մայիսին: