Հանդիպոււմ Մոնթրէալի իսրայէլի հիւպատոսին հետ


Ուրբաթ 21 Նոեմբեր 2014 կէսօրուայ ժամը 12:00-ին ՀՅԴ Մոնթրէալի «Միհրան Փափազեան» կոմիտէի ատենապետ Ժիրայր Զաքարեան եւ Մոնթրէալի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ՝ տոքթ Արամ Էլակօզ Իսրաէլի հիւպատոսարանին մէջ հանդիպում ունեցան Մոնթրէալի Իսրայէլի աւագ հիւպատոս Զիվ Նեւօ Գուլմանի հետ։

Նորանշանակ հիւպատոսը շեշտեց նման հանդիպումներու կարեւորութիւնը, որոնց շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ զարգացնել հայ եւ հրեայ գաղութներուն համագործակգութիւնը։

Աւելի քան 40 վայրկեան տեսակցութեան ընթացքին բացատրութիւն տրուեցաւ Մոնթրէալահայութեան ,ինչպես նաեւ Գանատայի տարածքին մէջ գործող հայկական զանազան գաղութներու աշխատանքներուն մասին, կարեւորութեամբ շեշտը դրուեցաւ Հայ Դատի եւ մասնաւորաբար Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի աշխատանքներուն ուղղութեամբ եւ հիւպատոսէն խնդրուեցաւ իր աջակզութիւնը։ Հիւպատոսին բացատրուեցաւ նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան գծով Գանատայի կարավարութեան կեցուածքին մասին եւ  Հակական Ցեղասպանութեան M380 բանաձեւին մասին։ Պատուիրարկութիւնը յոյս յայտնեց հիւպատոսին, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը պաշտօնապես ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը մանաւանդ որ զոյգ ազգերն ալ զոհ գացած են ցեղասպանական արարքի։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.