Ներկայացուած Է «Թուրքիայի Հանրապետութեան Պատմութիւն» Դասագիրքը


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».– 20 Նոյեմբերին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է «Թուրքիայի Հանրապետութեան պատմութիւն» դասագիրքի շնորհահանդէսը:
Գիրքի հեղինակներն են թրքագէտներ Ռուբէն Սաֆրաստեանը, Ռուբէն Մելքոնեանը, Արթուր Դումանեանը, Վահրամ Տէր Մաթեւոսեանը, Յակոբ Չաքրեանը եւ Անոյշ Յովհաննիսեանը: Անիկա հրատարակուած է Երեւանի պետական համալսարանի եւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկին կողմէ:
Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեան նշած է, որ ԵՊՀ Արեւելագիտութեան հիմնարկը մինչ օրս նման դասագիրք չունէր, եւ ուսանողները կը սերտէին հիմնականին մէջ խորհրդային ժամանակաշրջանին հրապարակուած դասագիրքերով: Արամ Սիմոնեան նկատել տուած է, որ այսպիսի ծաւալուն դասագիրքի հրապարակումը կարեւոր է նաեւ քաղաքական տեսանկիւնէ:
Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան նշած է, որ Հայաստանի մէջ թրքագիտութեան մակարդակը տարուէ տարի կը բարձրանայ, ինչ որ շատ կարեւոր է՝ հաշուի առնելով, որ Թուրքիոյ մէջ արագ կերպով կը զարգանայ հայագիտութիւնը՝ թրքական տեսանկիւնէ եւ մեկնաբանութեամբ:
Գիրքի համահեղինակ, ԵՊՀ Արեւելագիտութեան հիմնարկի փոխնախագահ Ռուբէն Մելքոնեան իր կարգին յայտնած է, որ անիկա առարկայական պատմական դասագիրք է, որ կ՛ընդգրկէ Թուրքիոյ պատմութիւնը 1918էն մինչեւ ներկայ օրերը՝ ներկայացնելով այդ երկրի արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան հիմնական դրուագները, գաղափարական հենքերը, առանցքային քաղաքական կուսակցութիւնները եւ ազդեցիկ քաղաքական գործիչները:
Գիրքին մէջ ներկայացուած են նաեւ ազգային-կրօնական փոքրամասնութիւններու դէմ հալածանքի եւ ճնշումներու քաղաքականութեան հիմնական հանգրուաններն ու հետեւանքները, ինչպէս նաեւ արծարծուած են հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ վերջին շրջանին տեղի ունեցած զարգացումները:
Ռուբէն Մելքոնեան յայտնած է, որ Ս. Փեթերսպուրկէն առաջարկ ստացած է մինչեւ 24 Ապրիլ 2015 դասագիրքը թարգմանել ռուսերէնի, եւ տարածել ռուսական կրթական հաստատութիւններուն մէջ: Արմէն Աշոտեան իր կարգին առաջարկած է աշխատութիւնը նաեւ թարգմանել թրքերէնի եւ տեղադրել համացանցին վրայ, որպէսզի թուրք ուսանողները «այլընտրանքի հնարաւորութիւն ունենան»՝ նշելով, որ նախարարութիւնը պատրաստ է աջակցութիւն տրամադրելու:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.