«Կրօնափոխ Հայերի Խնդիրները Թուրքիայի Հանրապետութիւնում» Մենագրութեան Շնորհահանդէս Երեւանի Մէջ


Նոյեմբեր 14-ին տեղի ունեցաւ Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն, հայագէտ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Հայկազուն Ալվրցեանի «Կրօնափոխ հայերի խնդիրները Թուրքիայի Հանրապետութիւնում» երկլեզու (հայերէն, թրքերէն) մենագրութեան շնորհահանդէսը: 500 տպաքանակով տպագրուած գիրքին խմբագիրն է թրքագէտ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Մելինէ Անումեանը:

Թրքագէտ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, ԵՊՀ արեւելագիտութեան բաժանմունքի փոխնախագահ Ռուբէն Մելքոնեան շնորհաւորելով հեղինակն ու գիտական հանրութիւնը գիրքի լոյս ընծայման առթիւ` նշեց, որ հայերու բռնի կրօնափոխութիւնը հայագիտութեան կարեւոր խնդիրներէն է, այն հարցերէն է, որոնք անընդհատ ուսումնասիրութեան կարիք ունին, քանի որ տակաւին համակողմանի կերպով ուսումնասիրուած չեն: Նիւթը, ըստ Ռ. Մելքոնեանի, կը գտնուի գերքաղաքականացած վիճակի մէջ յատկապէս Թուրքիոյ մէջ եւ օրակարգային, արդիական հարց է այդ երկրի թէ՛ քաղաքական համակարգին մէջ եւ թէ՛ հասարակական-գիտական քննարկումներուն ընթացքին: «Կրօնափոխ հայերուն խնդիրը կ’առնչուի քանի մը գիտական բնագաւառներու` պատմագրութիւն, թրքագիտութիւն, ազգագրութիւն եւ այլն, ուստի հետազօտողին համար բաւականին բարդ է այս բոլոր բնագաւառներուն ընձեռած հնարաւորութիւնները օգտագործելով` ներկայացնել համակարգուած, կուռ աշխատանք, ինչ որ յաջողած է ընել Հայկազուն Ալվրցեանը: Հայերու բռնի կրօնափոխութիւնը ուղղակիօրէն կապուած է Հայոց ցեղասպանութեան հետ, եւ գիրքը պէտք է դիտարկել նաեւ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի պարունակին մէջ», յայտնեց Մելքոնեան` շեշտելով, որ թրքական արխիւները, հայկական տարբեր աղբիւրներ հարուստ են փաստերով, որոնք կ’ապացուցեն բռնի կրօնափոխութեան բազմաթիւ դրուագներ:

Համշէնագէտ, «Համշէն» հայրենակցական միութեան փոխնախագահ, «Ձայն համշէնական» ամսաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սերգէյ Վարդանեան նկատել տուաւ, որ մենագրութիւնը հետաքրքրական է թէ՛ ուսանողութեան, թէ՛ լրագրողներուն եւ թէ՛ հանրութեան համար:

1014696_950167841664396_5117647073818734032_oԳիրքի հեղինակ Հայկազուն Ալվրցեան ընդգծեց, որ մենագրութիւնը պատրաստած է որպէս տեղեկագիր, որ հետաքրքրուողներուն մանրամասն կերպով կը ներկայացնէ կրօնափոխ հայերուն խնդիրները: Գիրքին մէջ կը ներկայացուի Օսմանեան կայսրութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ հայերու կրօնափոխութեան քանի մը կարեւոր դրուագներու համառօտ պատմութիւնը: Առանձին գլուխ յատկացուած է համշէնահայերու եւ Տէրսիմի հայերու կրօնափոխութեան խնդիրին: Առաւել հանգամանօրէն կ’արծարծուին Հայոց ցեղասպանութեան շրջանը եւ անոր յաջորդած ժամանակաշրջանի իրադարձութիւնները մինչեւ մեր օրերը, ինչպէս նաեւ` կրօնափոխ հայերու արդի խնդիրները եւ անոնց նկատմամբ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն վերաբերմունքը:

Գիրքի շնորհահանդէսին անակնկալ էին մշեցի հայերը, որոնք ձեռնարկին մասնակցելու համար եկան Մուշէն: Հայկ Ասլանը Թուրքիոյ մէջ հիմնած է «Տարօն» հայրենակցական միութիւնը: Ան պատմեց, որ Մուշ քաղաքին մէջ իշխանութիւնները որոշած էին քանդել հայկական գերեզմանատունը, ուր, ըստ Հայկ Ասլանի, թաղուած է նաեւ Գէորգ Չաուշը: «Տարօն» հայրենակցական միութեան բողոքի ցոյցերուն շնորհիւ միայն հայկական գերեզմանատունը կարելի եղաւ փրկել կործանումէն:

Մշեցի Արմէն Գալուստ պատմեց, որ փոքր հասակին քիւրտ մը ծեծած է զինք` անուանելով «կեաւուր»: Երեխան լալով գացած է տուն եւ մեծ հօրմէն իմացած է, որ ինք իսկապէս հայ է: Արմէն Գալուստ ըսաւ, որ շնորհակալ է այդ ծեծողին, քանի որ ան բացայայտեց իր ակունքներն ու հայ ըլլալը: Մշեցի հայերուն նուիրուեցաւ «Կրօնափոխ հայերի խնդիրները Թուրքիայի Հանրապետութիւնում» թրքերէն մենագրութեան 100 օրինակ: Անոնք բարձր գնահատեցին աշխատութիւնը, քանի որ անիկա պիտի օգնէ նման հայերուն` ճանչնալու իրենք զիրենք եւ իրենց ակունքները:

«Կրօնափոխ հայերի խնդիրները Թուրքիայի Հանրապետութիւնում» մենագրութիւնը հրատարակուած է Հայաստանի նախագահի գործընկեր կազմակերպութեան` Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի յայտարարած դրամաշնորհային մրցոյթի ծիրին մէջ, «Մշակոյթ եւ հասարակութիւն» հասարակական կազմակերպութեան իրականացուցած ծրագիրին իբրեւ արդիւնք: Անիկա թրքերէնի թարգմանուած է Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի աշխատակից Տիրան Լոքմակէօզեանի կողմէ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.